Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 37-րդ հանգրուանին, Փալմէյրաս նուազագոյն հաշուով յաղթելէ ետք Շափեքոյենսէին, հռչակուեցաւ երկրի ախոյեան: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ֆապիանօ` 25-րդ վայրկեանին:
Ախոյեանութեան աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, այժմ Փալմէյրաս 7 կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆլամենկոն:
Նշենք, որ վերջին անգամ Փալմէյրաս Պրազիլի ախոյեան հադիսացած էր 1994-ին:
Այսպիսով, անիկա իր պատմութեան մէջ 9-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին: