Պրազիլի նախագահը, երէկ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ երկրին մէջ երեք օրուան սուգ յայտարարուած է` նկատի ունենալով, որ պրազիլական Շափեքոյենսէ ֆութպոլի խումբին մարզիկներուն մեծ մասը զոհ գնաց օդանաւի արկածի մը, երբ կ՛ուղղուէին Քոլոմպիա` մրցելու համար տեղւոյն կազմերէն Աթլեթիքօ Նասիոնալի դէմ, հարաւային ամերիկեան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին գծով:
Վերջին տուեալներուն համաձայն, օդանաւի արկածէն ողջ մնացած են երկու ֆութպոլիստներ եւ օդաչուն:
Թէեւ բերդապահ Տանիլօ տեղափոխուած էր հիւանդանոց, սակայն բժիշկները անոր կեանքը չեն կրցած փրկել:
Հակառակ անոր որ աւարտականի այս մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այսօր, անորոշ ժամանակով մը յետաձգուեցաւ, բայց քոլոմպիական Նասիոնալ ակումբը յայտարարեց, որ այս տիտղոսը կը նուիրէ Շափեքոյենսէին: