Նիւ Եորքի մէջ աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարին 12-րդ հանգրուանի հանդիպումը` նորվեկիացի գործող ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի եւ ռուս Սերկէյ Քարժաքինի միջեւ, 30-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Քարլսըն կը խաղար ճերմակ քարերով:
Ախոյեանութեան ընթացքին հաւասար արդիւնքով վերջ գտած այս մրցումը եղաւ ամէնէն քիչ ժամանակի ընթացքին աւարտածը (30 վայրկեան):
Նկատի ունենալով, որ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 6-6 հաւասարութեամբ (12 հանդիպումներէն 10-ն աւարտեցաւ հաւասարութեամբ), այժմ ախոյեանին անունը պիտի վճռուի թայ-պրէյքով: