Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը, որ մրցեցաւ Նըմուր Քուրայի դէմ, 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Թէեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան բաւական լաւ խաղարկութիւն մը ունենալ, սակայն կոլ չկրցան նշանակել:
Նշենք, որ խումբէն կը բացակայէին շարք մը հիմնական մարզիկներ:
Մրցումները ցարդ աւարտած չեն` նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շաբաթ կը սկսին դարձի մրցումները:


