
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, դարձեալ յաղթելէ ետք Սաժեսին` 108-96 արդիւնքով (24-26, 50-52, 78-84 եւ 96-108):
Բաղդատմամբ երթին իր կրած պարտութեան, այս անգամ Սաժես յաջողեցաւ աւելի լաւ խաղարկութիւն մը ունենալ, բայց եւ այնպէս կրեց տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը` մնալով 9-րդ եւ նախավերջին դիրքին վրայ:
Մրցումը գրեթէ ընթացաւ հաւասար պայքարով, բացի վերջին քորթըրին վերջին հինգ վայրկեանէն, երբ ՀՄԸՄ մրցումը իր ղեկին տակ առնելով 12 կէտի տարբերութեամբ յաղթանակ մը արձանագրեց:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն` 29 կէտ, 8 ռիպաունտ, ապա յաջորդաբար Ֆատի Խաթիպ` 26 կէտ, 6 ռիպաունտ, 4 էսիսթ, Քեւին Կալոուէյ` 24 կէտ, 9 ռիպաունտ, 8 էսիսթ, Աթեր Մաժոք` 12 կէտ, 13 ռիպաունտ, Էլի Շամուն` 11 կէտ:
ՀՄԸՄ-էն 3-ական թրի փոյնթ նշանակեցին Շամուն, Խաթիպ եւ Ճեքսըն, մինչ Կալոուէյ` 2: Իսկ Սաժեսէն Մոհամետ Իպրահիմ նշանակեց 6 թրի փոյնթ, մինչ Թերել Սթոկլին` 4: ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 48 ռիպաունտ, մինչ Սաժես` 29:
Մրցումին իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Ռապիհ Մասրի:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, երբ Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս կը հիւրընկալէ Ռիատին: