Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.

March 6, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Լիվըրփուլ, Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայէրն Միւնիխ` Յաղթական
– Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Եուվենթուս Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին

Լիոնել Մեսսի (կեդրոնը)

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները:

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ առանց Հենրիխ Մխիթարեանի (վիրաւոր) հիւրընկալեց Պուրնըմաութը, չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել եւ բաւականացաւ 1-1 հաւասարութեամբ, հակառակ անոր որ Բ. կիսախաղին ամբողջութեամբ մարզիկի մը առաւելութիւնը ունեցաւ:

Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, Զլաթան Իպրահիմովիչ 72-րդ վայրկեանին ձախողեցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:

Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 75 հազար հանդիսատես:

Լիվըրփուլ յաղթեց Արսենալի (3-1), մինչ Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սանտըրլենտի դաշտէն:

Իտալիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս եւս չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել եւ բաւականացաւ 1-1 հաւասարութեամբ:

Սակայն Միլանօ քաղաքի երկու խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին. Ա. Սէ. Միլան` Քիեւօ Վերոնայի դէմ (3-1), իսկ Ինթեր Միլան` Քալիարիի դէմ (5-1):

Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք իր հիւրը Սելթա Վիկոն, շարունակեց մնալ առաջին` կէտի մը առաւելութիւնը ունենալով մրցում մը նուազ կատարած Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էյպարի դաշտէն:

77 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Լիոնել Մեսսի (24-րդ եւ 64-րդ), Նէյմար (40-րդ), Իվան Ռաքիթիչ (57-րդ) եւ Սամուէլ Ումթիթի (61-րդ) նշանակեցին Պարսայի հինգ անպատասխան կոլերը:

Իսկ Էյպարի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Ռէալ Մատրիտի կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (14-րդ եւ 25-րդ), Խեմես Ռոտրիկեզ (29-րդ) եւ Մարքօ Ասենսիօ (60-րդ):

Քարիմ Պենզեմա (ձախին)

Գերմանիոյ մէջ, Պայէրն Միւնիխ եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Լայփցիկի վրայ, 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Քէօլնի դաշտէն: Լայփցիկ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Օկզպուրկի դաշտին վրայ:

Պայէրն Միւնիխի մարզիկները

Պայէրնի երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին Խաւիէ Մարթինես (25-րդ), Խուան Պեռնաթ (48-րդ) եւ Ֆրանք Ռիպերի (90-րդ):

Տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ` 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պայէր Լեւերքուզընը, 79 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ նշանակեց Տորթմունտի կոլերէն երկուքը:

Վերջապէս, Ֆրանսայի մէջ յաղթանակներ արձանագրեցին Մոնաքօ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Նիս, Մարսէյ եւ ուրիշներ:

 

Նախորդը

Թենիս. Միւրէյ Տիտղոսակիր` Տուպայի Մէջ

Յաջորդը

Քիեւի Մէջ. Հայ Ըմբիշները Արձանագրեցին Տպաւորիչ Արդիւնքներ

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.