Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 4 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը կը մրցի Մասիսի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ մարզիկներէն կ՛ակնկալուի, որ լաւ ու ներդաշնակ խաղարկութիւն ցուցաբերելով արձանագրեն յաղթանակ մը: