Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Էշրեֆիէ ճակատումը:
Ա. դասակարգին մաս կազմող Շապապ Էշրեֆիէ 8-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-1) յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Լուէյզիի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան եւ Աւօ Տոնպուրեան:
Պէտք է նշել, որ այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին բաւական քաջալերելի` նկատի ունենալով որ ցարդ որեւէ հայկական խումբ չէր հասած այս հանգրուանին: