
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի ֆութսալի ֆետերասիոնի նախագահ Սիմոն Տուէյհի շաբաթ, 4 մարտին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը:
Ան ըսաւ, որ երեք նստաշրջանի ընթացքին իր պաշտօնավարութեան ժամանակամիջոցին փորձեց իր կարելին ընել, որպէսզի ամէն ձեւով յառաջ տանի այս մարզաձեւը:
Սակայն վերջին շրջանին իրաւարարներուն գործած մեծ սխալները ստիպեցին զինք, որ ներկայացնէ իր հրաժարականը:


