
Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը բաւական կարեւոր ճակատում մը ունի կատարելիք, երբ կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցի Շապապ Էշրեֆիէի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) պիտի սկսի ժամը 21:00-ին:
Աւարտականին հասնիլը պիտի ըլլայ ամէնէն առաջնահերթը` այսօրուան մրցումին նախօրեակին:
Այս նպատակը կ՛իրականանայ նախ եւ առաջ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն կողմէ ցուցաբերուած բացառիկ խաղարկութեամբ, իսկ երկրորդ` ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ներկայութեամբ:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրը` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի տղաքը եւ հասնելու համար աւարտականին:
 
			

