Կիպրական Քարմիոթիսայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի վիրաւոր միջնապահ Դաւիթ Մանոյեան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումին, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Վիրաբուժութեան ենթարկուած Մանոյեան վերականգնումի համար կարիքը ունի 4-6 շաբթուան:
Նշենք, որ Հայաստան – Ղազախստան մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 մարտին` Երեւանի մէջ: