Գրիչս բռնեցի բան մը գրելու, բայց… ի՞նչ գրէի: Շաբաթներէ ի վեր կը գրէի, կը գովաբանէի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի արդիւնքները, մարզիկներուն եւ վարչութեան տարած աշխատանքը, կարծես այլեւս բառեր չկային աւելցնելու:
ՀՄԸՄ-ի համակիրները բաւական հեռացած էին ֆութպոլի մթնոլորտէն եւ աւելի մօտեցած պասքեթպոլին, ուր յաղթանակները աւելի ուրախութիւն կը պատճառէին: Ֆութպոլը «լքուած» էր, մինչ համակիրները դժգոհ վիճակէն հեռացած էին` առանձին ձգելով մարզիկները մրցումներուն:
Ես անձամբ կը փորձէի դիմատետրի միջոցով կապի մէջ պահել ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի համակիրները արդիւնքներուն եւ մրցումներուն վիճակին հետ` փորձելով օգնել մարզիկներուն: Տարիներով 4-5 հոգիով դաշտ կ՛երթայինք` վայրկեանը վայրկեանին առիթները նկարագրելով լուրերը հասցնելու Լիբանանէն հեռու գտնուող համակիրներուն, մանաւանդ որ Լիբանանի համակիրները, ինչպէս ըսինք, այնքան ալ գոհ չէին վիճակէն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վարչութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն կրցաւ պատրաստել պայքարող խումբ մը, որ երկու անգամ ձախողելէ ետք այս տարի վերջապէս աւելի փորձառութիւն ունենալով կրցաւ բարձրանալ Գ. դասակարգ:
Քննադատողը միշտ պատրաստ է, բայց մէկ բան ըսեմ, որ Դ. դասակարգէն բարձրանալը աւելի դժուար է, քան Գ. կամ Բ. դասակարգէն:
Եկէք բոլորս կանգնինք խումբին կողքին` ՀՄԸՄ-ի անունը բարձր պահելու: Աշխատանքը դիւրին չէ, քննադատութիւնն ալ կրնայ օգնել, եթէ շինիչ է անշուշտ. պզտիկ սխալներն ալ ուղղելով ուժերը միացնենք եւ շարունակենք երթը: Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր: