Իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումա հրաժեշտ տուաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի համակիրներուն` լքելով փարիզեան ակումբը, «Լիկ 1»-ի Բ. շաբթուան Անժէի դէմ մրցումէն ետք:
Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Տոնարումա շրջան մը ըրաւ մրցումէն ետք վերջին բարեւները տալով ֆրանսական ակումբի համակիրներուն:
Տոնարումա գոհ էր իր վիճակէն խումբին մէջ, բայց աւելի բարելաւուած եկամուտ կը փափաքէր ունենալ, բան մը, որ յարմար չտեսաւ Փարիզի ղեկավարութիւնը:
26 տարեկան բերդապահը այժմ անձնական պայմանագրութեան պայմաններով համաձայնած է Մանչեսթըր Սիթիի հետ եւ հաւանական է, որ ստորագրէ:
Անցեալ եղանակին Տոնարումա Փարիզի հետ կատարած է 47 մրցում, որոնց 17-ին յաջողած է անառիկ պահել իր բերդը: