Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի կազմակերպած Քոնֆերենս լիկի զտումի մրցումներուն, Հայաստանի ախոյեան Նոա, Սլովենիոյ մէջ երթի իր առաջին մրցումին կրցաւ ծանր պարտութեան մատնել ախոյեան Օլիմփիա Լիուպլիանան` 4-1 արդիւնքով:
Կը կարծուէր, թէ Նոա պաշպանողական խաղ պիտի կիրարկէր Սլովենիոյ մայրաքաղաքին մէջ, բայց Հայաստանի ախոյեանը ոչ միայն գնդակին իշխեց, այլ մեծ թիւով առիթներ ալ ստեղծեց ամբողջ մրցումի ընթացքին: Խրուաթ յառաջապահ Մարին Եաքոլիշ 36-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումի առաջին կոլը, եւ 3 վայրկեան անց մարոքցի Իմրան Ուլատ Օմար արդէն իսկ արդիւնքը կրկնապատկած էր:
50-րդ վայրկեանին պրազիլցի Մաթէոս Այաս ոսկի առիթ մը կորսնցուց փենալթի մը իր նպատակին չհասցնելով, բայց Օմար 2 վայրկեան ետք յաջողեցաւ փենալթիով նշանակել 3-րդ կոլը:
56-րդ վայրկեանին խրուաթ յառաջապահ Իվան Տուրտով նշանակեց Օլիմփիայի միակ կոլը, իսկ Օմար 64-րդ վայրկեանին ամբողջացուց իր հեթ-թրիքը նշանակելով Նոայի 4-րդ կոլը:
Դարձի մրցումը տեղի կ՛ունենայ 28 օգոստոսին Աբովեանի դաշտին վրայ: