Կրասնոտարի յարձակող միջնապահ եւ խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան դարձաւ Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի մրցանշակիր իր արդիւնաւէտ գործողութիւններով (կոլ եւ էսիսթ):
6-րդ հանգրուանին Կրիլիա Սովետովի դէմ 6-0 արդիւնքով լայն յաղթանակէն ետք սահմանուեցաւ Սփերձեանի մրցանիշը` նշանակելով 1 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:
Սփերձեան Ռուսիոյ ախոյեանութեան ընթացքին 121 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 44 կոլ եւ կատարած 28 էսիսթ:
Ան Կրասնոտարի ակադեմիայի սան է, եւ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ի ամրան: Քանի մը օր առաջ ան մերժած էր միանալ Անգլիոյ Բ. դասակարգի Սաութհեմփթըն խումբին: