Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Ամերիկացի Թենիսմենները Լաւ Ձեւով Սկսան «Եու. Էս. Օփըն»-ը

August 26, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի թենիսի համակիրները յոյսով են, որ այս տարի կրնայ բախտը ժպտիլ «տեղացի» թենիսմենի մը, որ վերջապէս շահի «Եու. Էս. Օփըն»-ը` մօտ քառորդ դարի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մեծ առիթ ունենալով:

Առաջնակարգ թեկնածուներ են Թէյլըր Ֆրից եւ Պեն Շելթըն, որոնք վերջերս բարձր մակարդակի թենիս կը ցուցաբերեն:

Շելթըն, որ թիւ 6 դասուած է եւ երկու անգամ կրան շլեմի կիսաւարտական հասած, իր առաջին մրցումին 2 ժամ պայքարէ ետք յաղթեց փերուցի Իկնասիօ Պուսէին` 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով, առաջին հանգրուանի իր մրցումին:

Ֆրից, որ թիւ 4 դասուած է եւ անցեալ տարուան փոխախոյեանն էր Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ, պարտուելով ախոյեան եւ թիւ 1 Եաննիք Սինըրէն, իր կարգին մօտ 2 ժամուան պէտք ունեցաւ դուրս ձգելու այլ ամերիկացի մը` Էմիլիօ Նաւան` 7-5, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով:

23 ամերիկացիներ կան այս տարուան մրցաշարքին, առաջին անգամ ըլլալով 1997-էն ի վեր: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի փորձէ դառնալ առաջին ամերիկացին, որ տիտղոսակիր պիտի ըլլայ իր երկրին մէջ 2003-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, երբ Անտի Ռոտիք շահած էր:

Անշուշտ ամերիկացիներուն գործը այդքան ալ դիւրին չէ` նկատի ունենալով, որ վերջին 7 կրան շլեմի տիտղոսները բաժնուած են այժմու թիւ 1 Սինըր եւ թիւ 2 Քարլոս Ալքարաս:

Անշուշտ ներկայ է նաեւ վեթերան Նովաք Ճոքովիչ, որ 38 տարեկանին պիտի փորձէ իր 25-րդ կրան շլեմի տիտղոսը շահիլ` բարելաւելով իր մրցանիշը: Ան երէկ 6-1, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 19 տարեկան ամերիկացի Լերներ Թիենը` իր յաջորդական 19-րդ առաջին հանգրուանի մրցումը յաղթելով Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ:

 

Նախորդը

Էմ. Էլ. Էս. Միւլըր Եւ Սոն Իրենց Առաջին Կոլերը Նշանակեցին Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Յաջորդը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Եւս Արձանագրեց

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.