Լեռնալիբանանի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները, յաղթելէ ետք Սալամ Պասաթինի, դարձան փոխախոյեան:
ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները բաւական լաւ ելոյթներ ունեցան այս մրցաշարքին, որուն ախոյեան դարձաւ Սաֆա Շուէյֆաթ (Պիպլոս):
Այս ախոյեանութեան մեծ թիւով մարզիկներ փայլեցան, եւ ամէն դիրքի վրայ լաւ մարզիկներ ունենալով, փայլուն ապագայ կը խոստանան ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները:
Լաւ աշխատանքով եւ նուիրումով բոլորն ալ կրնան բարձր պահել ՀՄԸՄ-ի ապագայի խումբը: