Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԻԱ ՍԻՍԼԵԱՆ

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ի երեկոյեան Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ շքադրումի հանդիսութիւն     ` ներկայիս հայ աւետարանական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու, որոնք վերջերս ամբողջացուցած էին քսանհինգամեայ կրթական ծառայութիւն, որուն առնուազն տասնհինգամեայ վաստակը` աւետարանական վարժարաններու մէջ:

Մեծարանքի այս հանդիսութիւնը ծրագրուած էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կրթական խորհուրդին կողմէ եւ կը վայելէր ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութիւնը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմէքճի ներկայացնելով այս հանդիսութեան պատմականը` ըսաւ, որ կրթական մշակներու երկարամեայ ծառայութեան այս նշումը սկսած էր 1970 թուականին, 5 ուսուցիչներու պարգեւատրումով, եւ այսօրուան 9 ուսուցիչներով կը դառնայ 150:

Ապա Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ժիրայր Ղազարեան Աստուածաշունչի ընթերցումով եւ շնորհակալական ու աղերսանքի աղօթքով ժողովուրդն ու յատկապէս ուսուցիչները դրաւ Աստուծոյ գահին առջեւ:

Հայ աւետ. քոլեճի աշակերտ Հրակ Մամիկոնեանի Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ի ասմունքէն ետք, տնօրէններու համադրող յանձնախումբի ատենապետ Սօսի Պալեան ներկայացուց օրուան բանախօս Կարօ Յովհաննէսեանը` իբրեւ Հայկազեան համալսարանի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ու «Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական հիմնարկի շրջանաւարտ, ուսուցիչ, տնօրէն,դասախօս, խմբագիր, յօդուածագիր ու հեղինակ:

Շուրջ յիսուն տարիներու կրթական վաստակ ունեցող Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքը սկսաւ դրուատելով հայ աւետարանական համայնքի բեղուն գործունէութիւնը` յատկապէս կրթական մարզին մէջ, ապա անդրադարձաւ հայ ուսուցիչին ու անոր դիմակալած մարտահրաւէրներուն եւ իր խօսքը ամբողջացուց գեղեցիկ պատկերովը ջուրի մէջ գտնուած ժայռին` ուսուցիչին, որ ժամանակի թաւալումին ու ջուրի զօրաւոր բախումներուն եւ ցնցումներուն դէմ յանդիման քալելով հանդերձ, կը պահէ ինքզինք նոյ՛ն ջուրի թէկուզ այլ վայրին մէջ:

Այնճարի Հայ աւետ. երկրորդական վարժարանի երրեակ` Ռանուա Պէրպէրիի (դաշնամուր), Յասմիկ Այնթապլեանի (ֆլիւթ) եւ Նարօ Գարայեանի (կիթառ) կողմէ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք» նուագի մատուցումէն ետք բեմ բարձրացաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` ներկաներուն փոխանցելու միութեան խօսքը:

Ան շեշտեց այն իրողութիւնը, որ կրթական-դաստիարակչական մարզը իր քրիստոնէական դաստիարակութեան ըմբռնումով, հիմնարար դիրք կը գրաւէ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համապարփակ առաքելութեան մէջ: «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջ վախն է, եւ ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է» (Առակաց 9.10) եւ ըստ այնմ, հայ նոր սերունդներուն «խելամիտ ուղղութիւն» ջամբելու «առաքելութիւնը կը ստանձնեն իրենց պաշտօնին գիտակից ուսուցիչները, որոնք արժանի են ամէն մեծարանքի», նշեց ան:

ՄԱՀԱԵՄ-ի անունով անհուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, վեր. դոկտ. Հայտոսթեան, ընկերակից ունենալով օրուան բանախօս Կարօ Յովհաննէսեանն ու Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմէքճին, ոսկեայ շքանշաններով պարգեւատրեց 9 մեծարեալները, որոնք նաեւ ստացան գնահատագիրներ:

Պարգեւատրուեցան հետեւեալ կրթական մշակները` Անի Ճիկէրեան-Դաւիթեան (Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկր. վարժ.), Եսթեր Հայտոսթեան-Քիլաղպեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժ.), Լիւսի Պէքէրէճեան-Հալլաճեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժ.), Հաննա Պշարա (Հայ աւետարանական քոլեճ), Մարալ Քէշիշեան-Աւետիսեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժ.), Մարի Թիւմպէրեան-Քէօֆթէեան (Հայ աւետ. երկր. վարժ., Այնճար), Նաամաթ Աարաժի Խաթիպ (Հայ աւետարանական քոլեճ), Սոնա Գասապեան-Մուղալեան (Հայ աւետարանական քոլեճ), Վարդուկ Պալըգճեան (տնօրէնուհի` Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկր. վարժ.):

Շքադրումի եւ գնահատագիրերու յանձնումէն ետք պարգեւատրեալ եւ այս հանդիսութեան մասնակից այլ ուսուցիչներ ըմբոշխնեցին իրենց նուիրուած` «Սիրելի ուսուցիչ» (խօսք` Արամայիս Սահակեանի, երաժշտութիւն` Ալեքսէյ Հեքիմեանի) երգը` սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի առինքնող ձայնով:

Ուսուցիչներ մեծարելու հանդիսութիւն մը չէր կրնար անմասն ձգել պարգեւընկալ մշակները. եւ ահա անոնց կողմէ սրտի ու երախտագիտական խօսքերով` առ Աստուած ու շնորհակալական խօսքերով` առ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ու անոր Կեդրոնական մարմինին ու Կրթական խորհուրդին եւ պատկան դպրոցներու մարմիններուն, յաջորդաբար հայերէնով ու արաբերէնով խօսք առին Անի Դաւիթեանն ու Հաննա Պշարան:

Ու վերջապէս Աստուծոյ դարձեալ փառք տալու եւ ժողովուրդը առաքելու Տէր Յիսուս Քրիստոս` Վարդապետ Ուսուցիչին օրինակին հետեւելու, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան օրհնութեան աղօթքով հանդիսաւորապէս փակեց օրուան յայտագիրը:

Յայտագիրի աւարտին պաշտօնական շնորհաւորանքի ու խմբային լուսանկարներ ունենալու պահերէն ետք, ազգականներ, պաշտօնակիցներ ու բարեկամներ իրենց զրոյցն ու խանդավառ շնորհաւորութիւնները շարունակեցին ներկայացնել իրենց սիրելիներուն եկեղեցիի շրջափակին մէջ նաեւ:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Յաջորդը

Ինտոնեզիա Զրկուեցաւ 20 Տարեկանէն Վար 2023-ի Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Իրաւունքէն

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?