Երկուշաբթի, 27 մարտ 2023-ի առաւօտուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց Լիբանանի այժմու կացութեան, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերու: