Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լրագրութեան Մէջ Լուսանկարին Դերակատարութեան

April 1, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ծանօթացան լրագրութեան մէջ լուսանկարին դերակատարութեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լուսանկարչական անձնակազմի անդամ Արամ Սոմունճեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց լուսանկարին արժէքը, լուսանկարչութեան տեսակները, նկարելու հիմնական յատկանիշները, ինչպէս նաեւ օգտագործուելիք յատկանիշները:

Ա. Սոմունճեան իր շեշտը դրաւ լրագրական լուսանկարչութեան վրայ` ապագայ լրագրողներուն ներկայացնելով այն կանոնները, որոնց պէտք է հետեւին:

Օրուան դասախօսը ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց նաեւ լուսանկարչութեան բարոյագիտութեան կանոններով առաջնորդուելու անհրաժեշտութիւնը, անոնց հետ բաժնելով նաեւ իր փորձառութիւնը:

Հանդիպումը ունէր նաեւ թեքնիք բաժին մը, որուն ընթացքին Ա. Սոմունճեան հաստատեց, որ հակառակ ամէնէն աւելի ընդհանրացած ձեւը ըլլալուն, հեռախօսով լուսանկարելը բնաւ մասնագիտական չէ:

Ան անդրադարձաւ տարբեր տեսակի քամերաներու եւ ոսպնեակներու, իւրաքանչիւրին դերակատարութեան ու անոնց օգտագործման ձեւերուն:

Հանդիպումի աւարտին ապագայ լրագրողները կատարեցին լուսանկարչութեան իրենց առաջին փորձերը` ցուցմունքներ ստանալով Ա. Սոմունճեանի կողմէ:

Նախորդը

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Յաջորդը

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը Յղի Է Լուրջ Ապակայունացումով» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.