Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազդակ»-ի 57-րդ Լսարան

«Ազդակ»-ի 57-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 23 մարտ 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսն էր Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար եւ Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, նիւթ` Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները:

Դասախօսը ներկայացուց կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը` հաստատելով, որ անիկա սերտօրէն առնչուած է զանոնք եկեղեցւոյ նուիրապետական դասուն մէջ ներգրաւելու խօսոյթին հետ: Ապա դոկտ. Մանուկեան կեդրոնացաւ կանանց քահանայական ձեռնադրութեան հարցին վրայ` պարզելով, որ  երկար ժամանակէ ի վեր եւ տակաւին այսօր այս հարցը կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ ուղղուած կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը:

Խօսելով առաքելահաստատ եկեղեցիներու դիրքորոշումին մասին` դոկտ. Մանուկեան հաստատեց, որ  ցայսօր անոնք թոյլ չեն տար, որ կանայք, քահանայական ձեռնադրութիւն կամ օծում ստանալով, քահանաներու հետ իրաւահաւասարօրէն ծառայեն եկեղեցւոյ ծիսական ասպարէզին մէջ: Սակայն, ըստ դասախօսին, պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը միանշանակ այդպէս չէ եղած: Նախնական եկեղեցւոյ մէջ եղած են աշակերտուհիներ, մարգարէուհիներ, այրիներ եւ սարկաւագուհիներ, որոնք քրիստոնէական վաղ շրջանի համայնքներու կազմակերպութեան մէջ գործուն մասնակցութիւն ունեցած են եւ ի նպաստ քրիստոնէութեան տարածման բերած են իրենց կարեւոր ներդրումները:

Դասախօսութեան ընթացքին դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան ընդգծեց հետեւեալները.-

Ա.- Եթէ այսօր կինը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ,- ըլլան անոնք տնտեսական, քաղաքական, գիտական թէ մշակութային,- աչքի կ՛իյնայ այլազան նուաճումներով, ապա ո՞րն է անոր արդար դերն ու տեղը եկեղեցւոյ մէջ, աւանդական ինչպիսի՞ նախադրեալներ կան այնտեղ կնոջ ծառայութեան դաշտը ընդարձակելու, անոր եկեղեցանուէր աշխատանքին սատարելու, զայն արդիւնաւորելու եւ իրաւամբ արժեւորելու համար:

Բ.- Ի տարբերութիւն առաքելահաստատ այլ եկեղեցիներու, հայ եկեղեցին ոչ հարկադրաբար, այլ աւանդաբար քրիստոնէական նախնական եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացուցած է եւ զայն, իր ծոցին մէջ պահելով, հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը: Ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու եկեղեցւոյ նուիրապետութեան առաջին աստիճանը, որ սարկաւագութիւնն է: Սոյնը առանձնայատուկ տուչութեամբ սարկաւագուհին միանշանակ կը լիազօրէ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու հետ միասին Տիրոջ եկեղեցւոյ եւ Անոր հաւատաւոր հօտին ծառայելու:

Գ.- Թէպէտ տժգոյն, գուցէ եւ այսօր կեցած տխուր հոգեվարքի մը սեմին, բայց դեռ չմեռած, այլ տակաւին սրտի զգալի տրոփներ արձակող եւ ապրելու հրայրք ունեցող այս աւանդը սեռերու հարցին մէջ հայ եկեղեցւոյ հանդուրժողութեան եւ լայնախոհ ոգիին գերազանց դրսեւորումն է, որ միաժամանակ կը վկայէ անոր ունեցած շարունակական եւ անշեղ կապին մասին` քրիստոնէական հնագոյն եկեղեցւոյ աւանդութեան հետ: Ինչ որ  զինք առաւել եւս կ՛արժեւորէ օրինակելի դիրքով մը` ընդհանրական եկեղեցիին մէջ ժամանակէ մը ի վեր եւ տակաւին այսօր ու հետզհետէ աւելի պարտաւորեցուցիչ դարձող նաեւ կանանց նուիրապետական պաշտօններ տրամադրելու նիւթին միջեկեղեցական մակարդակով քննարկումն է:

Դ.- Բոլոր մարդոց հաւասարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի անյեղլի սկզբունքներէն մէկն է: Ուստի եկեղեցւոյ մէջ նուիրապետական պաշտօն շնորհելու կամ ձեռնադրուելու առաջնահերթ պայմանը պէտք է հիմնուած ըլլայ նորընծային հոգեւոր կոչումին,  եւ ուսումնական պատրաստուածութեան եւ ոչ թէ սեռային տարբերութեան վրայ:

Իբրեւ եզրակացութիւն, դասախօսը ամփոփեց.  «Զգուշ պէտք է կենալ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ծիսական կեանքին մէջ կիները վերստին ներգրաւելու մերժողական կարծրատիպերէ եւ աւանդամոլութեան թունդ եռանդէ մղուած` անշարժութեամբ եւ անտարբերութեամբ մեր եկեղեցին հաստատութենական կարծր եւ զառամած մարմինի մը վերածելէ: Ան պէտք է մեր հաւատաւոր ժողովուրդին համար շարունակէ ըլլալ հոգեւոր ներշնչարան մը եւ կենսատու աղբիւր մը` Աւետարանի ճշմարիտ կեանքին»:

Այս շատ հետաքրքրական եւ ներկայ ժամանակներուն համահունչ` եկեղեցական կեանքին որոշ բարեկարգումներ առաջադրող այս դասախօսութեան հետեւեցաւ գերաշխուժ քննարկում, որուն ընթացքին լսարանին մասնակիցները իրենց հարցումներով եւ տեսակէտներով եւ յատկապէս դասախօսին կողմէ ներկայացուած յաւելեալ պարզաբանումներով նպաստեցին լսարանին քննարկած թեմայի համապարփակութեան եւ բազմակողմանի ներկայացման:

Դասախօսութեան տեսագրութիւնը կարելի է գտնել «Ազդակ»-ի լսարաններու եութուպեան էջին վրայ` հետեւեալ կապով` https://www.youtube.com/watch?v=rh416hN__Pchttps://youtu.be/rh416hN__Pc

Նախորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?