Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՈՄ-ԶՈԳ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

March 29, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չկայ աշխարհում աւելի կրթիչ օրինակ,
քան` գործերի կենդանի օրինակը»:
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր աշակերտ, որ կը գտնուի երկրորդական կարգը աւարտելու սեմին, իր մէջ ապագայ ասպարէզ ընտրելու մտահոգութիւն մը կը ծնի: Օրըստօրէ փոփոխութիւններով եւ նորութիւններով լեցուն բոլոր ասպարէզներուն հետ քայլ պահելը դիւրին պիտի չըլլայ աշակերտի մը համար: Շատ յաճախ անոնք կ՛ունենան բազմաթիւ հարցումներ, որոնք կ՛ենթադրեն մասնագէտի, կամ փորձառուի մը պատասխանը:

Ուստի, Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակի յանձնախումբը, մօտէն հետեւելով հայ ուսանողութեան կեանքին ու մտահոգութիւններուն, ուրբաթ, 24 մարտ 2023-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպեց արեւելումի ձեռնարկ մը` հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համար:

Ձեռնարկին կամաւորաբար եւ սիրայօժար կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան երեք տասնեակ տարբեր մասնագիտութիւններու փորձառութիւն ունեցող մասնագէտներ, որոնք չորս ժամուան տեւողութեամբ պատասխանեցին հայ ուսանողութեան լուսաբանական հարցումներուն եւ փորձեցին յստակացնել այն, ինչ որ մշուշոտ մնացած էր անոնց մտքին մէջ:

Աշակերտները դիմեցին այն տաղաւարները, ուր ապագային իրենք զիրենք կը տեսնէին, կամ որոշ հետաքրքրութիւն մը կը ցուցաբերէին այդ ասպարէզին նկատմամբ:

Սոյն արեւելումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի եւ Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտներ:

Նման ձեռնարկներ խթան կը հանդիսանան հայ աշակերտութեան, կ՛ոգեւորեն զանոնք ու կը փարատեն անոնց անզօրութեան, կամ անոնց մէջ այս փուլին առկայ անորոշութեան որեւէ զգացում, եւ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը գտնուի այդ առաքելութեան պատնէշին վրայ:

 

Նախորդը

Դպրեվանքի Սաներուն Մասնակցութեամբ Հսկումի Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ժամի Խեղկատակութիւնը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.