Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դռնբացէքի Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ապրիլ 4, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան, երկու միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ եւ «Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր» շարականի երգեցողութեամբ թակեց դէպի Քրիստոս տանող դուռը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի Ս. խորանին վարագոյրը:

Օրուան խորհուրդը պարփակող շարականներու երգեցողութեան աւարտին սրբազան հայրը հաւատացեալներուն փոխանցեց տօնին պատգամը: Ան ըսաւ, որ  եկեղեցական արարողութեանց ճամբով հաւատացեալը իր առօրեայ հեւքէն կ՛անջատուի եւ կը հրաւիրուի ապաշխարութեամբ` վերանորոգելու իր բարոյական կեանքը. այս մէկը մանաւանդ կը տեսնենք Աւագ շաբթուան ընթացքին, որուն սկիզբը կը հանդիսանայ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը:

Ապա սրբազանը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Դռնբացէքի խորհուրդը: Ան ըսաւ.

ա) Աւագ շաբթուան ընթացքին լոյսը կը սեւեռուի միայն Յիսուսի անձին վրայ, որ գլխաւոր դերակատարն է. Ան է բոլոր պաշտամունքներու միջնորդը, որ կրեց ահաւոր չարչարանքներ ու խաչելութիւն եւ իրականացուց փրկագործութիւնը` յաղթական կերպով: Սրբազանը աւելցուց, որ Դռնբացէքի արարողութիւնը անմիջական կապ մը չունի քառասուն օր Ս. խորանի վարագոյրի գոցուելուն, որովհետեւ վարագոյրը օր մը առաջ` Ղազարոսի յարութեան յիշատակին նուիրուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Ծաղկազարդի օրուան օրհնութեամբ բացուեցաւ:

բ) Պահեցողութեան ճամբով հաւատացեալները ջանք թափեցին հոգեպէս բիւրեղանալու, որովհետեւ Մեծ Պահոց մէջ հասարակ օրերու սուրբերու յիշատակներ չենք տօներ: Սակայն, այսօր, Դռնբացէքով, ապաշխարանքէ ելած զղջումով, խոստովանութեամբ եւ նոյնիսկ քահանայական արձակմամբ, ապաշխարողները իրաւունք ստացան ներկայ ըլլալու Ս. պատարագին` բաց վարագոյրներու առջեւ: Ան ըսաւ, որ փակ խորանը բանալէ ետք, եկեղեցւոյ հովիւը կու տայ իր վկայութիւնը, որպէսզի ոչ միայն արդարները, այլ նաեւ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ արդարացած մեղաւորները եւս մուտք գործեն Դուռէն, որովհետեւ Դուռը Տէրն է եւ ողորմութեան աղբիւրը` Ս. Հոգիին շնորհքը, զոր Տէրը կու տայ:

գ) Դռնբացէքի արարողութեան լոյս սփռող պատմութիւնը տասը կոյսերու առակին պատմութիւնն է, որուն պատգամը կը խօսի երկինքի Դրան` Քրիստոսի գալստեան մասին:

Աւարտին, Կոմիտաս սրբազան հաւատացեալները հրաւիրեց ըլլալ զգօն Քրիստոսի գալստեան, որպէսզի կարենանք մուտք գործել Դուռէն ներս:

***

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի 2 ապրիլ 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար եւ խորհրդալից արարողութիւն:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ աշխարհին մէջ քրիստոնեայ մարդու հորիզոնը անպայմանօրէն պայծառ չէ շարունակաբար եւ բոլորիս կեանքին մէջ կան վիճակներ կամ անակնկալներ, որոնք յաճախ կը մթագնեն նոյնիսկ մեր գիտակցութիւնը եւ մեզ կը շեղեն մեր նպատակէն` աւելցնելով, որ այդ պատճառով Քրիստոս կ՛ըսէ. «Ինծի եկէք բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի շնորհեմ ձեզի»: Այդ հանգիստը, զոր բոլորս կը փորձենք գտնել եւ յաճախ կը դժուարանանք հասնելու անոր: Սրբազանը յայտնեց, որ այս մտածումներուն ընդմէջէն մեր Տէրը մեզի կը յիշեցնէ, թէ քրիստոնեան կեանքի լաւ կամ վատ օրերուն ունի ապահով յենարան մը, որ Քրիստոս է, որ երկինքէն երկիր բերած իր լուսեղէն մտածումներով եւ իր փրկութեան խոստումով անպայմանօրէն հանգիստ կրնայ պարգեւել բոլոր տագնապող հոգիներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք յանուն ճշմարտութեան, իսկապէս աշխարհի պայմաններուն մէջ կը տագնապին ու կը տառապին: «Վստահութեամբ յանձնուեցէք Աստուծոյ եւ առիթ տուէք, որ Աստուած կեանքի անորոշ պայմաններու մէջէն ինք ճամբայ ցոյց տայ ձեզի: Յանձնուեցէք Աստուծոյ, որպէսզի անդրադառնաք, թէ անպայմանօրէն նիւթն ու նիւթականը չեն մեր փնտռած կեանքի լուծումները, այլ` այդ բոլորէն վեր, վեհ կը մնայ մեր Աստուածը, արարիչը ամբողջ տիեզերքին, որուն կամքով մենք աշխարհ եկանք, որպէսզի մենք մեզ իրագործենք, եւ որուն կամքով մենք պարտինք վերադառնալ իր մօտ», հաստատեց Շահէ արք. եւ յորդորեց ներկաները Աւագ շաբթուան մտնելէն առաջ մօտենալու մեր Տիրոջ, մեր սիրտը պարզելու անոր եւ առիթ տալու, որ ինք մեր մտքի խորհուրդներն ու սրտի ծալքերը լուսաւորէ աստուածային լոյսով եւ մեզի ցոյց տայ այն ճամբան, որ, աշխարհէն անցնելով հանդերձ, կը մնայ յաղթական, ուղիղ եւ կը տանի մեր երկնային հօր մօտ: Եզրափակելով իր պատգամը` սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աւետարանի խօսքերը խրախուսեն բոլոր թուլցած հոգիները, հաւատք ներշնչեն տատամսողներուն, եռանդ եւ կամք զետեղեն մեր գիտակցութեան մէջ, որպէսզի աղօթացած կամքով ու վարքով մենք շարունակենք յաղթանակ տանիլ կեանքին պարտադրած տեսակաւոր մարզերուն վրայ, զԱստուած զետեղելով մեր կեանքի բարձրակէտին վրայ, որպէսզի իր քով բարձրանանք եւ հասնինք իր անմահական պարգեւներուն:

Նախորդը

Աւագ Շաբաթ. Անպտուղ Թզենի, Տասը Կուսանաց, Օծում Եւ Մատնութիւն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր Նակեթց Յաղթեց Գործող Ախոյեանին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?