Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Սրբազան Աջին Օրհնութիւնը Բաշխուեցաւ Հաւատացեալ Ժողովուրդին

Մարտ 28, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասնօրեայ պահեցողութեան օղակներէն` Գալստեան կիրակիին կը վերաբացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի Ս. խորանի վարագոյրը` նշելով հայրապետարանի Ուխտի օրը:

Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

Հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ շրջապատուած դպրեվանքի սաներով, Կիլիկեան ուխտի միաբանութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասով եւ սկաուտներով, վեհարանէն ուղղուեցաւ մայր տաճար, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն օր մը առաջ դուրս բերուած համաքրիստոնէական եւ հայ եկեղեցւոյ սուրբերու սրբազան մասունքներուն եւ մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Աջին ուղեկցութեամբ:

Ս. պատարագի ընթացքին, պատարագիչ սրբազան հայրը քարոզը սկսաւ սուրբին ձօնուած շարականէն քաղուած հետեւեալ տողով. «Ո՜վ բարի հովուապետ, դո՛ւն, որ բարի Աստուծոյ յարութեան պատկերն ես, քու քաղձրաձայն խօսքովդ ու քարոզութեամբդ մոլորեալ հօտը դարձի բերիր ու ճշմարիտ ու բարի Հովիւին հօտին մէջ հաւաքեցիր»: Սրբազանը ըսաւ, որ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ մեր հոգեւոր ճշմարիտ ծնողքն ու աստուածանման սիրով գորովագութ հայրը: Ան ենթարկուեցաւ զանազան տառապանքներու, որպէսզի մեզ առաջնորդէ Քրիստոսի լոյսին: Սրբազանը ապա նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած երեք յիշատակումներէն` մուտն ի վիրապ, ելն ի վիրապ եւ գիւտ նշխարաց, առաջինին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նաեւ կը տօնէ իր Ուխտի օրը, ու զուգահեռներ գծեց Լուսաւորիչի չարչարանաց եւ կիլիկեան Ս. աթոռին աքսորեալ վիճակին միջեւ` մինչեւ կաթողիկոսութեան Անթիլիաս հաստատումը: Ան դիտել տուաւ, որ թէկուզ տարագրութենէ անցաւ կիլիկեան Ս. աթոռը, սակայն կրցաւ դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու բարգաւաճիլ` շնորհիւ իր պայծառամիտ հայրապետներուն ու ժրաջան միաբաններուն: Այս առիթով սրբազանը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու սէրը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Իր օրհնութիւնները անպակաս ընէ հայ ազգին վրայէն, եւ կարենայ տոկալ դժուարին պայմաններուն մէջ ամէնուրեք, ի մասնաւորի Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

Յաւարտ Ս. պատարագին, վեհափառ հայրապետը բարձրացաւ Ս. խորան եւ մեր հաւատքի հօր` Ս. Լուսաւորիչ հայրապետին Ս. Աջով կաթողիկոսարանի շրջափակը շրջելով օրհնեց ամբողջ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, որմէ անմիջապէս ետք, Ս. խորանին վրայ, կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը` մասնակցութեամբ միաբան հայրերու: Վեհափառ հայրապետը իր աղօթքին մէջ հայցեց Ս. Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը եւ խնդրեց Ամենակալէն Իր հովանիին տակ պահել մեր ազգը, հայրենիքը ու եկեղեցին:

Յայտնենք, որ օր մը առաջ, շաբաթ, 25 մարտ 2023-ին, առաւօտեան մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին վիրապ մտնելուն յիշատակին առիթով, իսկ երեկոյեան, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր հայրական ու հայրապետական պատգամը:

 

Նախորդը

Քլաար 3 Ապրիլին Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?