15000 Ամ. Տոլարի Յաւելեալ Հասոյթ` Ի Նպաստ Համազգայինի Սան Որդեգրելու Ծրագիրին
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ծնողաց յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ «Ճաշարան Արեւ»-ի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ալեքսան Մաթոսեանի, շաբաթ, 17 յունիսին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կրթական տարեփակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` ի նպաստ Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին: Ձեռնարկի սկիզբը խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեան, որ անդրադարձաւ Համազգայինի գործունէութեան եւ սաներու ֆոնտին ի նպաստ կատարուած նախաձեռնութիւններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց...




















