Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ներսէս Շնորհալիի Վախճանման 850-Ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Յունիս 28, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առիթով, կիրակի, 25 յունիսի ս. պատարագի ընթացքին, փոխան քարոզի, թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը:

Արդարեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան կարդաց սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը նշած է, թէ Ս. Ներսէս Շնորհալի իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով եղած է Հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը: Ան իր եզակի արժանիքներով առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջեկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս: Վեհափառը կոնդակին մէջ հաստատած է, որ Ս. Ներսէս Շնորհալին մեր պատմութեան այն բացառիկ հոգեւորականներէն մէկն էր, որ իր սրբակենցաղ կեանքով ու Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ամբողջական նուիրումով նոյնիսկ իր կենդանութեան մեր ժողովուրդին կողմէ «Սուրբ» որակուած է, աւելցնելով, որ բազմավաստակ հայրապետին տրուած է «Շնորհալի» կոչումը ո՛չ միայն իր ստեղծագործական վաստակի քանակին ու տեսակին, այլ մանաւանդ որակին համար:

Վեհափառ հայրապետը կոնդակին մէջ բացատրած է նաեւ, որ մեծանուն հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար հետեւեալ պատճառներով.

Ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գծով Ս. Աթոռին ունեցած իրենց յատուկ հետաքրքրութիւնը, առանց հեռանալու եկեղեցիներու միութեան նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ սկզբունքէն, կը պարտին Շնորհալիին:

Բ) Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով Ս. Աթոռին վաստակած հարուստ փորձառութիւնը, միշտ կառչած մնալով քրիստոնէական սկզբունքներուն, դարձեալ կը պարտին Կիլիկիոյ բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմացեղ պայմաններու մէջ գործած եւ ստեղծագործած Շնորհալի հայրապետին:

Վեհափառը նկատել տուած է, որ Ս. Ներսէս Շնորհալիի երկրաւոր կեանքի տարիները կարճ եղած են, սակայն անմահանուն հայրապետը իր կեանքը հարստացուցած է իր ժամանակը անդրանցնող անկրկնելի ստեղծագործութիւններով եւ բազմերանգ իրագործումներով, հաստատելով, որ ան իր անջնջելի դրոշմը ձգած է մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ` դառնալով մեր կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող անմար աստղերէն մէկը:

Կոնդակին մէջ վեհափառը թելադրած է ա) թեմերուն` յատուկ նախաձեռնութիւններու ճամբով արժանավայել կերպով նշելու յիշեալ կարեւոր յոբելեանը, բ) հոգեւոր հայրերուն` մօտէն հաղորդ դառնալու Շնորհալիի դաւանաբանական ու միջեկեղեցական տեսակէտներուն եւ շեշտելու անոնց կարեւորութիւնը, յատկապէս` միջեկեղեցական շրջանակներէ ներս, գ) մտաւորականներուն` լուսարձակի տակ բերելու բանասիրական ու գրական յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող Շնորհալիի հարուստ գրիչին արգասիքը:

Նախորդը

Արժեւորել Արժէքը

Յաջորդը

Նախաձեռնութեամբ Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան Վարչութեան. Յիշարժան Օր` Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Պատսպարեալներուն Յատուկ

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?