Կազմակերպութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, հինգշաբթի, 15 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ չեխ պատանեկան «Պոնի Փուէրի» երգչախումբի համերգ, խմբավարութեամբ` Մարեք Սթիլէքի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Վարդան Ակոբեանի, ներկայութեան աւելի քան 500 հանդիսատեսներու, որոնցմէ ոմանք համերգին կը հետեւէին ուղիղ սփռումով` եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Չեխիոյ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք անգլերէն լեզուով խօսք առաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ ըսաւ, թէ այդ նախաձեռնութեան նպատակն է ոգեկոչել ինֆլուանզա համաճարակի զոհ գացած 14-ամեայ պատանի Հաուըրտ Գարակէօզեանի մահուան 105-ամեակը` աւելցնելով, որ այդ օր կը զուգադիպի նաեւ չեխ պատանեկան «Պոնի Փուէրի» երգչախումբի 40-ամեակին, եւ բացատրեց, որ «Պոնի Փուէրի» կը նշանակէ լաւ մարդիկ: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Գարակէօզեան ընտանիքին յիշատակը` յիշելով Հաուըրտը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր Գարակէօզեան ընտանիքը, իրենց միակ որդւոյն` Հաուըրտի մահը, եւ ապա անոր հօր, մօր եւ քրոջ զօրաւոր կամքը եւ հաւատքը` հիմնելու «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, վառ պահելու համար իրենց զաւկին եւ եղբօր` Հաուըրտի յիշատակը, նաեւ փրկելու հազարաւոր մանուկներու կեանքը այդ հաստատութեան մատուցած ծառայութեան ճամբով:
Այնուհետեւ կրկին խօսք առաւ Սերոբ Օհանեան, որ նկատել տուաւ, թէ Գարակէօզեանի կտակը սկսաւ ողբերգութեամբ, երբ Նիւ Եորքի մէջ բնակող ամերիկահայ ընտանիք մը կորսնցուց իր 14-ամեայ զաւակը, իսկ անոր մահէն երեք տարի առաջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնը, որուն ընթացքին նահատակուեցան աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր եւ վերապրողները ստիպուեցան գաղթել տարբեր երկիրներ, որոնցմէ մէկն էր Լիբանանը, ուր վերակազմուեցաւ սփիւռքը:
Օհանեան հաստատեց, որ` իբրեւ կազմակերպութիւն եւ լիբանանահայ ժողովուրդ մենք ճաշակած ենք համաճարակի եւ գաղթականութեան դառնութիւնը, նաեւ մեր մարմնին վրայ զգացած ենք կեանքի ցաւերն ու տառապանքները` աւելցնելով, որ 100 տարի ետք տակաւին ականատես կ՛ըլլանք համաճարակներու, գաղթականութեան, տառապանքներու եւ աշխարհի անարդարութեան: «Հետեւաբար, մեր հաստատութեան հիմնադրութենէն ի վեր, գթասրտութեամբ հոգատարութիւնը միախմբուած է մեր մշակոյթին եւ կենցաղին», նշեց ան:
Ս. Օհանեան նկատել տուաւ, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, որ Լիբանանի պետութեան կողմէ պաշտօնապէս արձանագրուած է 1943-ին, ճիգ պիտի չխնայէ ներկայ հասկացողութեամբ տրամադրելու համաշխարհային ամբողջական ապահովագրութիւն եւ առողջութիւն, նաեւ խնամքի շարունակութիւն:
Շարունակելով իր խօսքը` Ս. Օհանեան ըսաւ. «Անցեալին դասակարգութիւնը չափանիշ էր, այսօր համագործակցութիւնն է հովանաւորողը: Անցեալին ղեկավարները կը հրամայէին եւ կը հսկէին, այսօր անոնք կը լիազօրեն եւ կը սորվեցնեն: Անցեալին ղեկավարները կը յոգնեցնէին եւ կը նեղէին, այսօր անոնք կը դիւրացնեն աշխատանքը: Անցեալին պաշտօնեաները հրահանգ կը ստանային, այսօր անոնք որոշում կու տան: Անցեալին մեծութիւնը, աւագութիւնը կը հաստատէր վիճակը, այսօր ստեղծագործութիւնը կը քալեցնէ ընթացքը: Անցեալին արժէքը անսովոր եւ բացառիկ էր, այսօր արժէքը ամէն ինչ է:
«Ձեր միջոցով «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը Լիբանանի մէջ զարգացած ու ուռճացած է, եւ մեր 250 հոգինոց մասնագիտացած խմբակը եւ առողջապահական հոգատարութիւն մատակարարող պաշտօնեաները լիազօրուած եւ կորովով լեցուած են հայթայթելու հոգե-ընկերային ծառայութիւն օրական աւելի քան 1000 հիւանդներու` նպաստընկալներուն թիւը 2022-ին հասցնելով 200 հազարի», շեշտեց Սերոբ Օհանեան` նկատել տալով, որ «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ մարդկային փոքր ձեւերով կը ջանան այս փոքր աշխարհը, զոր իրենց յանձնուած է` վերածել աւելի խաղաղ ու ապահով ապրելու միջավայրի մը:
Ապա երգչախումբը մեկնաբանեց չեխերէն, անգլերէն երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Աւէ Մարիա», «Ալելուիա», նաեւ արաբերէն լեզուով «Եա նուր ուհիպուքի» եւ «Ռաժեհ Լպնան», եւ հայերէն լեզուով` «Հայր մեր», «Ազգ փառապանծ» երգերը:
Ներկաները մեծապէս գնահատեցին մանուկներուն ունեցած տաղանդը եւ անոնց համարձակ ու տպաւորիչ մեկնաբանութիւնները, որոնք խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին եկեղեցւոյ մէջ, եւ որոնք արժանացան ժողովուրդի քանիցս յոտնկայս ծափահարութիւններուն:
Համերգի ընթացքին անգլերէն եւ հայերէն լեզուով խօսք առաւ դաշնակահար Վարդան Ակոբեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան մեծ ընտանիքին, տնօրէն` Սերոբ Օհանեանին, որոնք իրականացուցին այս համերգը, եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով հայորդիներ ներկայ էին համերգին:
Գնահատելի նախաձեռնութիւն մը, որուն շնորհիւ հանդիսատեսը եզակի առիթ ունեցաւ վայելելու ստեղծագործութեամբ եւ մանկապատանեկան խմբային երգարուեստի բարձր որակով յատկանշուած իւրայատուկ համերգ մը:





