Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Եւ Անոր Ծրագիրներուն

June 17, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Եզրափակիչ Հանդիպում

Ուրբաթ, 16 յունիս 2023-ին իր աւարտին հասաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը` նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին:

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի երրորդ փուլին մասնակիցները եզրափակիչ հանդիպումին ընթացքին ծանօթացան Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ անոր ծրագիրներուն:

Օրուան դասախօսն էր Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի Լիբանանի մէջ ծրագիրներու պատասխանատու Գայեանէ Մածունեան:

Ան ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեանի կենսագրականը, հիմնարկութեան ծրագիրները, հայկական բաժանմունքն ու անոր ծրագիրները, Լիբանանի յատուկ ծրագիրները, որոնց շարքին են հրատարակչական, ուսումնական, մանկավարժական, նորարարական, արեւմտահայերէնի կենսունակութեան նպաստող ծրագիրները, համացանցի եւ արհեստագիտութեան հետ արեւմտահայերէնը ժամանակակից պահելու ծրագիրները, ելեկտրոնային կայքերը, թուայնացումի աշխատանքները, հայկական դպրոցներուն տրամադրուած օժանդակութիւնները, ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներն ու կրթանպաստները:

Այս շրջագիծին մէջ Գ. Մածունեան յաւելեալ մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի ծրագիրներուն ռազմավարութեան եւ զանոնք աշխուժ պահող հիմնասիւներուն:

Այս բոլորէն անկախ Գ. Մածունեան ներկայացուց նաեւ «Զարմանազան ճամբար»-ի ծրագիրը, անոր գործադրութեան միջոցներն ու հետապնդած նպատակները:

Ան նաեւ ցոյց տուաւ այն հրատարակութիւնները, որոնք հովանաւորուած են Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ:

Հանդիպումի աւարտին ապագայ լրագրողները իրենց հարցումները ուղղեցին դասախօսին, որ կատարեալ թափանցիկութեամբ, արհեստավարժութեամբ եւ սրտաբաց կերպով պատասխանեց` ընդգծելով այն օրէնքներն ու ժամկէտներու հանդէպ բծախնդրութիւնը, որոնց հիման վրայ կը գործէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Մենք Հսկայ Տագնապէ Մը Փրկուած Ենք». Պու Սաապ. «Առաջարկեցի Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել»

Յաջորդը

Հաճիզատէ. «Ազրպէյճան Հայաստանի Տարածքին Մէջ Դրօշ Չէ Տեղադրած»

RelatedPosts

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

October 22, 2026
«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.