Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու 2022-2023 Տարեշրջանի 7-րդ Դասարանի Ամավերջի Հանդէս

Յունիս 16, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, չորեքշաբթի, 14 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի 7-րդ դասարանի ամավերջի հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ անսովոր եւ արտակարգ, բազում մարտահրաւէրներով լեցուն մթնոլորտին, մանաւանդ` վերջին տարիներուն, երբ երկրին ընկերային եւ տնտեսական անտանելի պայմանները եւ ճգնաժամային փուլը ճնշիչ կերպով ազդեցին ընդհանուր իրավիճակին վրայ, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը, որ կը միտի հայկական արուեստին  եւ մշակոյթին անաղարտ պահպանման ու անթերի գոյատեւման:

Հարպոյեան շեշտեց, որ ներկայիս 40 տարուան վաստակով Լիբանանի միակ հայալեզու երաժշտական հաստատութեան` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի  տօնն է, որովհետեւ կը տեսնենք բեմին վրայ քոլեճի շրջանաւարտները, որոնք յաջողած են մշակոյթի շուրջ խմբուիլ:

«Այսօր կ՛ապրինք աշակերտի մը կեանքին գեղեցկագոյն պահը: Տարիներու ժրաջան աշխատանքէն ետք, ահա անոնք բեմ կը բարձրանան` քաղելու իրենց աշխատանքին արգասիքը: Դպրոցական յաջողութիւնը պատահական չէ, անիկա կ՛իրականանայ աշակերտին, ծնողքին եւ ուսուցիչին տարիներու տքնաջան աշխատանքով եւ համբերութեամբ»,  հաստատեց Հարպոյեան` աւելցնելով, որ դպրոց, ծնողք եւ աշակերտ` երեքս կը տօնենք մեր յաջողութիւնը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Մ. Հարպոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջին հերթին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որուն պատասխանատու մօտեցումով եւ այս հաստատութիւնը ամէն գնով կանգուն պահելու վճռակամութեան եւ ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել այս տարեշրջանը, մեր ժողովուրդի  եւ բարերարներուն անվերապահ զօրակցութեան, անցնող երկարաշունչ ուղիի ընթացքին անխոնջ եւ անդուլ դերակատարութիւն ունեցող  բազմավաստակ ուսուցիչներուն, պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ` հայ ծնողին, որովհետեւ հայ ծնողն է, որ կը պահէ հայ դպրոցը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան 7-րդ դասարանի շրջանաւարտները: Դաշնակի վրայ Սէրուժ Ղազարեան մեկնաբանեց Պախի «Suit do Minor»-ը, Սեմ Վարդանեան` Արամ Խաչատուրեանի «Masquerade»-ը, Զարեհ Սերոբեան` Առնօ Բաբաջանեանի «Ժողովրդական»-ը, Կասիա Հաճի Աքեան` Առնօ Բաբաջանեանի «Մեղեդի»-ն, Այգ Գէորգեան` Թարիվերդեանի «Մոռացուած մեղեդի»-ն, Յարութ Պուտուրեան` Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Այ վարդ»-ը, Քրիսթինա Պապօճեան` Կոմիտասի «Շուշիկի»-ն, Սէրլի Մուղալեան` Յովհաննէս Բարխուդարեանի «Նազ պար»-ը, Ալեքս Մանոր Հալլաճեան` Արամ Խաչատուրեանի «Sonaitine III mvt»-ն, Վարդան Աւեսեան` Կոմիտաս-Անդրէասեանի «Գարունա»-ն, Քեւըն Եուսեֆ` Յարութիւնեանի «Սասունցիներու պար»-ը, իսկ Տալիլա Գասապեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի «ANDANTINO»-ն:

Աւարտին Մարալ Հարպոյեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին` յատնելով, որ իրենք իրենց վկայագիրները պիտի ստանան 27 յունիսին տեղի ունենալիք հանդէսի ընթացքին:

Նախորդը

Նորօրեայ Փորձանք Կայսրուհի՞

Յաջորդը

Շանթ Եւ Տէյզի Շէկեան Ամոլին Բարերարութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Բարեզարդուած Եկեղեցւոյ Եւ Շրջափակի Բացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?