Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. «Մինաս Ս. Պուտագեան» Սրահի Բացում

June 23, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 21 յունիս 2023-ի երեկոյեան «Շուշի» ակումբին կից տեղի ունեցաւ «Մինաս Ս. Պուտագեան» սրահին բացումը` ներկայութեամբ շրջանին մէջ գործող կուսակցական, միութենական մարմիններու անդամներուն եւ Ռաուտայի ժողովուրդին: Յատկանշական էր յատկապէս երիտասարդութեան ներկայութիւնը:

ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Գուճանեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յայտարարեց, որ Ռաուտայի ժողովրդային տունը կ՛օժտուի նոր սրահով մը, ուր պիտի համախմբուին շրջանին մէջ գործող մեր միութիւնները` գումարելու համար իրենց ժողովները եւ իրականացնելու համար մշակութային բնոյթի ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ եւ լսարաններ:

Ան դիտել տուաւ, որ այս նոր սրահը կարելի եղաւ կառուցել շնորհիւ շրջանի բարերար Սարգիս Պուտագեանին, որ մնայուն կերպով կ՛աջակցի Ռաուտայի մէջ Դաշնակցութեան նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներուն: Գուճանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին` վստահեցնելով, որ սրահը պիտի ծառայէ իր նպատակին:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց բարերար Սարգիս Պուտագեանը, որ նախ յիշեց, թէ ընդառաջելով շրջանի ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու ծրագիրներով իրեն դիմած կնոջ մը` անմիջապէս ստանձնած է շաբաթական հերթականութեամբ «Պնակ մը կերակուր»-ի տրամադրման առաջարկը, որ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի շրջանին մէջ: Ան բարձր գնահատեց ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք շրջանին մէջ կը գործադրուին` վերահաստատելով իր պատրաստակամութիւնը սատար կանգնելու նման ծրագիրներու:

Ապա յայտնեց, որ Դաշնակցութեան ու եկեղեցւոյ ճամբով հայ ժողովուրդի ծառայութեան ամբողջ կեանք մը նուիրաբերած իր հօր` Մինաս Պուտագեանի հոգին կը բաւարարուի, եթէ իր անունը կրող այս սրահին մէջ համախմբուին մեր նոր սերուդները` զանազան դասախօսութիւններ լսելու եւ հայկական հարցերու մասին իրենց իմացութիւնը խորացնելու համար եւ այդ բոլորով նպաստելու լիբանանահայ գաղութի վերականգնման ընդհանուր աշխատանքին:

Այնուհետեւ Մինաս Պուտագեանին եղբայրը` Ժիրայր Պուտագեանն ու Սարգիս Պուտագեանը հատեցին սրահին ժապաւէնը:

Նախորդը

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Յաջորդը

Հերի Քէյն Կը Փափաքի Միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտի

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողովը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողովը

November 5, 2026
«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով
Գաղութային

«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով

November 5, 2026
Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.