Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի 2022-2023 Տարեշրջանի Աշակերտներու Գործերու Ցուցադրութիւն

Յուլիս 3, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, ուրբաթ, 23 յունիսին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2022-2023 տարեշրջանի աշակերտներու գործերու ցուցադրութիւն:

Արդարեւ, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ ներկայացուած էին իւղաներկ, ջրաներկ զանազան չափի աւելի քան 250 պաստառներ` բոլոր աշակերտներուն լաւագոյն երեք գործերը, իսկ կեդրոնական բաժինին մէջ ցուցադրուած էին աւարտական աշակերտներուն գործերը, ներառեալ` իրենց պաշտպանած թեզին գործերը:

Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ մարդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքներուն մէջ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները` «Լ. Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոններով, ունին իրենց անփոխարինելի դերը, շեշտելով, որ ներկայիս եթէ սփիւռքի մէջ մենք մեզ պահած ենք, այդ մէկը եղած է շնորհիւ մեր մշակոյթին: Ան դիտել տուաւ, որ կ՛ապրինք գերարդիական ժամանակաշրջան մը, երբ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը մեզ կը հեռացնեն խորքային աշխատանքներէն, նաեւ` դիւրակեցութիւնը, հանգստութիւնը, անտարբերութիւնը տիրած են մեր կենցաղին, սակայն հակառակ տիրող մթնոլորտին` բարեբախտաբար մենք տակաւին ունինք մարդուժ, ունինք նոր ու առողջ սերունդ:

Շարունակելով իր խօսքը` Հարպոյեան յայտնեց, որ արուեստը կը զարգացնէ փոքրերուն եւ մեծահասակներուն արուեստի ճաշակն ու ընկալումը, իսկ աշակերտին մէջ կը զարգանան ինքնուրոյն արտայայտուելու, ինքնավստահ դառնալու յատկութիւնները գծանկարին ընդմէջէն: Այս առումով, ան դիտել տուաւ, որ Գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունի նաեւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ հիմնուած է 1988-ին եւ ունի աւելի քան 150 աշակերտ, որոնք կանոնաւոր կերպով կը հետեւին գեղանկարչական դասընթացքներու: Ան ըսաւ, որ սոյն ցուցահանդէսը «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի շրջանաւարտ աշակերտներու ցուցահանդէսն է եւ միաժամանակ` մնացեալ աշակերտներու խմբային ցուցահանդէսը: Հարպոյեան հետաքրքրական համարեց այս տարուան ցուցահանդէսին վայրը, ուր մեծ արուեստագէտներ իրենց գործերը կը ներկայացնեն, աւելցնելով, որ այս երեւոյթը աշակերտներուն մղիչ ուժ պիտի ըլլայ, որպէսզի զգան, որ գեղանկարչական աշխարհէն ներս իրենք եւս օր մը կրնան գրաւել իրենց ինքնուրոյն տեղը:

Անդրադառնալով ցուցափեղկին մէջ զետեղուած մեծ պաստառին` Հարպոյեան բացատրեց, որ ամառը իրենց աշակերտները առաջարկ մը ստացած էին «Լիւսի Թիւթիւնճեան ֆոնտ»-ին կողմէ, որպէսզի գծեն ծովը եւ ձուկերու տեսակները: Արդարեւ, 7-8 աշակերտներ ընդառաջելով առաջարկին, հսկողութեամբ իրենց ուսուցիչին` Նորայր Պուտաքեանի, գծեցին զայն, որ շատ գեղեցիկ անդրադարձ ունեցաւ Թիւթիւնճեան ընտանիքին կողմէ, եւ այդ գործը ցուցադրուեցաւ բոլոր հայկական վարժարաններուն մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Հարպոյեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ` Գեղարուեստի դպրոցներու ուսուցչակազմին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Մեղրի Մսըրլեան` դաշնամուր, Կասիա Լեւոնեան` սրինգ, Վերոնա Ռուսիալեան` դաշնամուր, Ստեփան Ճրպաշեան` փրելիւտ ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայելեանի, մասնակցութեամբ` Քրիստափոր Գասպարեանի, Սարգիս Եթերեանի, Լորի Գարաճեանի, Հրակ Մոմճեանի, Ժան Մարք Թաուիլի, Շարպել Իտի, Շարպել Եունեսի, Ղատի Իտի, Ժուլզ Ղմէյտի:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքին Ճակատումը` Առանց Երկարաձգման

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?