Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի Պէյրութի Հանդիպումները

June 17, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 8 յունիս 2023-ին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) ներկայացուցիչներ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի անդամներու հետ հանդիպում ունեցան միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Միջին Արեւելքի իրենց տարեկան այցելութեան ընթացքին: ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, Մերձաւոր Արեւելքի յանձնախումբի ատենապետ Պերճուհի Կիւլէսէրեան, ԱՀԱԸ-ի վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ երեք հոգի առցանց, աղօթքի հոգիով արժեւորեցին ԱՀԱԸ-ի մատուցած նեցուկը կրթական, զարգացման եւ նպաստի ոլորտներուն մէջ:

Խոր հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ուրախութիւններուն` մեծապէս գնահատելով այն նուիրումը եւ զոհաբերութիւնը, որով գործը կը կատարուի` ի խնդիր Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանի հայ համայնքներուն: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ հայ աւետարանական դպրոցական եւ ընկերային ծառայութիւններու վրայ` թէ՛ Հալէպի, թէ՛ Պէյրութի եւ թէ՛ Այնճարի մէջ: Ժողովին աւարտին Զ. Խանճեան մատնանշեց, որ ԱՀԱԸ-ի տուած նիւթական օժանդակութիւնը լոկ թիւեր չեն, ընդգծելով, որ` «Այս թիւերուն ետեւ կայ սէր, աւանդ, եւ քրիստոնէական կարեկցութիւն»:

– Երկուշաբթի, 12 յունիս 2023-ին ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Զաւէն Խանճեանի` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) գործադիր տնօրէն, եւ տիկ. Սոնա Խանճեանի` ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հիւրընկալութեամբ:

Բազմաթիւ պաշտօնական հիւրեր եւ ներկայացուցիչներ` հայ թէ օտար զանազան եկեղեցիներէ, միութիւններէ եւ մարմիններէ մասնակցեցան ընդունելութեան:

Բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ յաջորդական այցելութիւնները կեդրոնացան ներկայ իրավիճակներու մէջ իրենց ընթացիկ գործունէութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` այս ժամանակներու յատուկ մարտահրաւէրներու:

Խանճեաններուն հետ ներկայ էին Ամերիկայէն ժամանած ԱՀԱԸ-ի Մերձաւոր Արեւելքի յանձնախումբի ատենապետ Պերճուհի Կիւլէսէրեան, ինչպէս նաեւ դոկտ. Յասմիկ Պարան` Հայկազեան համալսարանի վարչական մարմինի ատենապետ:

– ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէնն ու իր կինը` Սոնա Խանճեան, այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ:

ԱՀԱԸ-Ի գործունէութիւնը, միջինարեւելեան տագնապահար համայնքները, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան այսօրուան իրավիճակն ու մամուլի հետ կապուած խնդիրները մաս կազմեցին խմբագրատան մէջ կայացած խորհրդակցութիւններուն:

Զաւէն Խանճեան Լիբանանէն կը մեկնի Երեւան` մասնակցելու համար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու Կեդրոնական մարմինի նիստին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Քանատահայութեան Հետ

Յաջորդը

Վաղամեռիկ Հաուըրտ Գարակէօզեանի Մահուան 105-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.