Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Դպրեվանքի 93-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Յունիս 30, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդակերտման ու հայակերտման անփոխարինելի կրթական ու հոգեւոր կառոյց Դպրեվանքը այս տարի եւս յաջողութեամբ բոլորեց իր ուսումնական-կրթական տարեշրջանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Հինգշաբթի, 29 Յունիս 2023-ին երեկոյեան, գեղեցիկ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ աւարտական Դ. Ընծայարանի վկայականաց բաշխումը՝ նախագահութեամբ եւ ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ 93-րդ ամավերջի հանդէսին ներկայ էին միաբան հայրեր ու քահանայ հայրեր, պետական ու ազգային երեսփոխաններ, լիբանանահայ կրթական, մշակութային ու մարմնակրթական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Դպրեվանքի ուսուցչաց կազմը, ծնողներ եւ Դպրեվանքի բարեկամներ ու բարերարներ։

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք Միսաք Մեծարենցի «Կիրակմուտք» բանաստեղծութիւնը արտասանեց Բարշ. Նշան Սարկաւագ Անտրեան եւ դաշնամուրի վրայ «Թռչէի մտքով տուն» նուագեց Բարշ. Վահէ Սրկ. Ֆիլիքեան։

Ուղերձ արտասանեց աւարտական դասարանէն Նշան սարկաւագը, որ յուզումնախառն խօսքերով արտայայտեց Դ. Ընծայարանի աշակերտներուն զգացումները։ Ան վստահեցուց, որ Դպրեվանքէն ստացած գիտելիքներն ու ոգին հպարտութեան լիառատ աղբիւր են. ու անոնք հպարտ են, որ Դպրեվանք-ձուլարանէն անցնելով՝ անխոնջ հայրապետներուն ու նուիրեալ եկեղեցականններու ժառանգորդը դարձած են։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ մաղթեց, որ Աստուած արեւշատ օրեր պարգեւէ անոր։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ նախկին ու ներկայ տեսչական կազմերուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՚աջակցին Դպրեվանքի առաքելութեան։

Ուղերձին յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը «Արմաշ» երգչախումբի կատարողութեամբ՝ ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիկեանի եւ դաշնամուրի վրայ՝ Յասմիկ Գասպարեանի։ «Արմաշ»ը ներկայացուց փունջ մը շարականներ, մէջ առ մէջ Բարշ. Վարդան Սրկ. Ասայեանի կողմէն գօտեպնդիչ խօսքերու արտասանութեամբ։ Երգչախումբը նաեւ երգեց «Ճախարակ»ը՝ Լեւոն Սեդրակեանի նուագակցութեամբ։ Գեղեցկօրէն ներկայացուեցաւն «Սուրբերու Աչքեր», «Իմ Հայրենիք Վան» եւ «Վերականգնիր Կիլիկիա» երգերը։ Բարշ. Հրակ Սրկ. Գրտանեան նուագեց «Պինկէօլ»ը եւ Գարլօ Մարտիրոսեանը՝ «Քոչարի» եւ «Երկինքն Ամպել է»։

Յաջորդիւ, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան արտասանեց տեսչական խօսքը։ Ան, առաջին հերթին, փառք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Անոր պարգեւած օրհնութիւններուն համար եւ ըսաւ, որ այնպէս ինչպէս աւանդութեան համաձայն Դպրեվանքի տարեշրջանը սկսանք Թարգմանչաց վարդապետներու տօնակատարութեամբ, նոյնպէս ալ Թարգմանչաց մեծ վարդապետներուն՝ Ս. Սահակին եւ Ս. Մեսրոպին տօնին յաջողութեամբ կը դարձնենք Դպրեվանքի 93-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի վերջին էջը։ Տեսուչ հայր սուրբը շարունակեց՝ ըսելով, որ Դպրեվանքի կրթութիւնը ազգին ու եկեղեցւոյ յօգուտ է. հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ է, որ աւարտականներ՝ Նշան սարկաւագը դիմած է կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրման, իսկ Հրակ սարկաւագը՝ ամուսնացեալ քահանայութեան ծառայութեան։ «Ահաւասիկ, Դպրեվանքի առաքելութեան ցուցանիշը, որուն ընդմէջէն կը տեսնենք, թէ դպրեվանեցին գիտէ ինքզինք նուիրել ազգին ու եկեղեցիին՝ ձեռք տալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համատարած եւ բազմածաւալ գործունէութեան։ Այնքան ատեն, որ Աստուծոյ շնորհքը, Ս. Աստուածածինի բարեխօսութիւնը, Կաթողիկոսութեան ծառայական ոգին ու տեսլականը, Վեհափառ Հայրապետին նուիրական ծաղկուն եւ առաջնորդող ասան մեր ուղեկիցն ու նեցուկն են, այս կրթօճախը պիտի մնայ անդադրում ձուլարանը», ըսաւ ան։ Վերջապէս, հայր սուրբը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, Դպրեվանքի տիկնաց յանձնախումբին եւ աջակից միութիւններուն ու հաստատութիւններուն։

Ապա, տեսուչ հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի Նշան սարկաւագ Անտրեանն ու Հրակ սարկաւագ Գրտանեանը իր ձեռամբ վկայուին եւ փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական բիւր օրհնութեամբ ու ջերմ գնահատանքով ողջունեց Դպրեվանքին անցեալն ու ներկայ կեանքը արժեւորող ու հարստացնող նուիրեալները, ինչպէս նաեւ՝ տեսուչ հայր սուրբը, տեսչական կազմը, ուսուցիչները, բարերարները, տիկնաց ու խնամակալ խորհուրդները եւ Դպրեվանքի բարեկամները։ Ան ընդգծեց, որ Դպրեվանքը սոսկ կրօնագիտական դասերով լեցուն կրթական կառոյց մը չէ, այլ եզակի եւ իւրայատուկ առաքելութեամբ հաստատութիւն մըն է, ուր, առաջին հերթին, հայկականութիւնը, իր բովանդակ էութեամբ, կենդանի պահող կրթութիւն կը ջամբէ եւ երկրորդ՝ մարդ պատրաստելու նպատակասլաց առաքելութիւն կը տանի։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ պատմագիտական, կրօնագիտական, աստուածաբանական, գիտական, հայագիտական եւ այլ նիւթեր սերտ ներդաշնականութեամբ կը դասաւանդուին Դպրեվանքէն ներս ու հոն կազմաւորուած աշակերտները ապագային իրենց ուսումը կը շարունակեն ցանկացած երկրի բարձրորակ համալսարաններու մէջ, միշտ ու միշտ վեհ նպատակ ունենալով ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութիւնը։ Բարձր ուսման հիմքը, ոգին ու խորքը կը դրուին Դպրեվանքին մէջ, շեշտեց Հայրապետը։ «Եզակի կրթական կառոյց մըն է Դպրեվանքը, ուր յիշեալ բոլոր նիւթերը տարբեր շեշտաւորումներով եւ միշտ մեր ժողովուրդին ու աշխարհին համապատասխան մօտեցումով կը փոխանցուին մեր աշակերտներուն։ Դպրեվանքը ուսուցում չի տար միայն, այդ ուսուցումէն անդին մարդուն մէջ մա՛րդը, հա՛յը, նուիրուած, ծառայասէր, եկեղեցասէր, ազգասէր ա՛նձը կը կազմաւորէ, որպէսզի երթայ եւ ինքզինք արժեւորէ, ինքզինք կենսագործէ՝ ծառայութեամբ միայն. մեր ծառայութիւնը մեր փառքն ու պատիւն է, մեր նպատակն է», ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

Շարունակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը անդրադարձաւ այն ուժականութեան մասին, որ իւրաքանչիւր դպրեվանեցի կը զարգացնէ իր մէջ ուսանողութեան տարիներուն. այնպէս ինչպէս Քրիստոսի առաքեալները, որոնք փոքր թիւ մը ըլլալով հանդերձ հոգեւոր յեղափոխութիւն կատարեցին աշխարհով մէկ, նոյնպէս ալ դպրեվացիները, ծառայութեան ճամբով կոչուած են ըլլալու մէկական առաքեալներ՝ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ։

Հայրապետը իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ վերջին հովուապետական այցելութիւններուն ընթացքին իր ունեցած տպաւորութիւններուն՝ մանաւանդ, որ «Սփիւռքի Տարի»ի հռչակագիրին առիթով զանազան աշխատանքային հանդիպումներ ունեցած էր գաղութներու կառոյցներուն եւ առ հասարակ ժողովուրդին հետ։ Այս իմաստով, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց մարդուժի պակասը, բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան այս իրողութեան քաջատեղեակ ըլլալով ծրագրաւորել յառաջիկայի հայապահպանման եւ հայուն գոյատեւման երաշխիքը ապահովող ծրագիրները։

Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին ու եզրափակեց խօսքը՝ թելադրելով վերահաստատել ու վերաամրապնդել մեր նուիրուալ մասնակցութիւնը Դպրեվանքին սրբազան առաքելութեան։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Վեհափառ Հայրապետին արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով։

 

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արցախի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850 Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» Ամէնամեայ Մրցանակի Պարգեւատուութիւն։

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?