Վաստակաւոր Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներու Պարգեւատրում
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ծառայութեան պարգեւատրումի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 13 յունիս 2023-ի երեկոյեան, ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական...




















