«Եկէք` ժպիտով ողջունենք զիրար,
Քանի որ ժպիտը սիրոյ սկիզբն է»
ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱ
Ժպիտը ցոյց կու տայ մեր գեղեցկութիւնը եւ մեր հոգիին հայելին է: Անոր միջոցով կրնանք մարդոց սրտերը ներթափանցել: Անիկա սիրտը կը ջերմացնէ: Սակայն կայ իսկական եւ արհեստական ժպիտ: Հարկ է խուսափիլ արհեստական ժպիտէն եւ կառչիլ իսկականին, որովհետեւ անիկա բարութեան, երջանկութեան եւ յաջողութեան նշան է: Եթէ, իբրեւ մարդ, մենք կրցանք մեր ժպիտով ուրիշները երջանկացնել, արդէն ձեռք ձգած կ՛ըլլանք յաջողութեան ճամբան:
Ծանուցողական յայտարարութեան մը մէջ գրուած էր հետեւեալ պարզ, բայց խորիմաստ տողը, թէ` «Անիկա (ժպիտը) ոչինչ կ՛արժէ, բայց շատ բան կու տայ»: Այո՛, անգին է ժպիտը, սակայն տխուր հոգիները այլափոխող ազդակ է: Արդ, ժպիտը ընկերային ծառայութեան բնագաւառին մէջ գործող ծառայողներու հաղորդակցական լեզուին առանցքը կը կազմէ: Անով կրնան հանգստացնել յոգնածները, խաղաղեցնել փոթորկած հոգիները, ուրախացնել տխուր մարդիկը, նաեւ անիկա օժտուած է այն մոգական ուժով, որով կ՛երկարէ մարդոց կեանքը: Ժպիտով մարդիկ կրնան դիմագրաւել կեանքի յարուցած բազմապիսի դժուարութիւնները: Անշուշտ Մայր Թերեզա սիրոյ ու ծառայութեան խորհրդանիշ էր, եւ ժպիտը անպակաս էր իր դէմքէն, որովհետեւ ան բարի հոգիով կը ծառայէր` տնանկին, աղքատին, անօթիին, լքուածին…
Ահա այս առաքելութեան նուիրուած հոյլ մը ընկերային ծառայողներ, Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան անուան ներքեւ, կը գործնականացնեն հայ ածուի, այս պարագային` Ազունիէի Ազգային բուժարանի պատսպարեալներուն դէմքին ժպիտ մը ուրուագծելու նուիրական պահը: Ուստի, գործակցաբար Ազունիէի Ազգային բուժարանի տնօրէնութեան, հինգշաբթի, 15 յունիս 2023-ին բուժարանի պատսպարեալներուն օդափոխութեան միօրեայ պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ Այնճար հայաւանին մէջ: Կասկածէ վեր է, որ պատսպարեալները լաւագոյն խնամքը եւ հոգատարութիւնը կը ստանան բուժարանին մէջ, սակայն անոնք կարիքը ունին օդափոխութեան. արդ, վարչութիւնը յարմար նկատեց զանոնք ապահով վայրի մէջ ընկերային հաճելի պահեր պարգեւել: Պատսպարեալները Այնճար հասնելէ ետք ծանօթացան տեսարժան վայրերուն, ապա կէսօրուան ճաշը ունեցան ճաշարան «Արեւ»-ին մէջ:
Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութիւնը պաշտօնական այցելութեամբ հանդիպում ունեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան առկայ ընկերային հարցերը, եւ խօսուեցաւ ապագայ գործակցութեան կարելիութիւններուն մասին, եւ քաղաքապետը միացաւ ճաշի յայտագրին:
Կէսօրուան ճաշին ներկայ գտնուեցան նաեւ` Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, Այնճարի հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանն ու իր կինը եւ Ազգային բուժարանի տնօրէն Վահէ Գամպուրեանը:
Պեքայի հոգեւոր տեսուչ հայր սուրբը պատսպարեալներէն մէկէն խնդրեց, որ ինք աղօթէ բոլորին անունով, որմէ ետք ան օրհնեց ճաշասեղանը: Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց հայ մայրերուն եւ հայրերուն` անոնց մաղթելով առողջ եւ արեւշատ օրեր: Իր կարգին, Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան ատենապետուհի Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց վարչութեան անունով եւ անդրադարձաւ հայկական բարեսիրական, ընկերային եւ բժշկական կեդրոններուն նիւթական ու բարոյական աջակցութեան կարեւորութեան, որոնց ճիգերով կարելի եղաւ նաեւ այս ծրագիրը յաջողցնել: Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան յայտնեց, որ` «Պատսպարեալները մեր ապագայ կերտիչներն են եւ անոնք մեր դպրոցն են, որոնցմէ մենք սորվեցանք հայկական ջահը փոխանցել մեր յաջորդներուն: Օր մը մեր թոռները եւս պիտի հպարտանան, որ տարեցներ ունեցած ենք, որոնք պատիւ բերած են մեր հայ ժողովուրդին»: Ան նաեւ նշեց, որ` «Մենք ձեր աչքերուն մէջ կը տեսնենք ձեր նախնիներուն վիշտը եւ ներկայ հպարտութիւնը, այն իմաստով, որ հզօր գոհունակութիւն կ՛ապրիք ամէն անգամ, երբ տեսնէք, թէ պատկան մարմինները որքան խնամք կը ցուցաբերեն ձեզմէ իւրաքանչիւրին»: Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ վեր. Յակոբ Ագպաշարեան: Ան իր երախտագիտական խօսքերը ուղղեց հայրերուն ու մայրերուն եւ յայտնեց, որ անոնք մեզի պատիւ կը բերեն, եւ մաղթեց անոնց առողջ ու երջանիկ օրեր: Վերապատուելին գնահատեց նաեւ ընկերային ծառայողներու առաքելութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ անոնց թիւը բազմապատկուի` ազգի բարօր աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն ի նպաստ:
Բուժարանի պատսպարեալները հաճելի մթնոլորտ մը ապրեցան, երբ բուժարանի տնօրէն Վահէ Գամպուրեան երգեցողութեամբ խրախուսեց զիրենք, որուն ընկերակցեցան պատսպարեալներէն քանի մը հոգի երգով եւ պարով:
Աւարտին վարչութիւնը յիշատակի նուէրներ տրամադրեց ներկայ եւ բացակայ պատսպարեալներուն, որոնք առողջական բարդութիւններու պատճառով չկրցան միանալ այս պտոյտին:
Այո՛, Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը հասաւ իր նպատակին եւ կրցաւ ժպիտ մը գծել անոնց դէմքին: Առ ի հաստատում այս երեւոյթին, ականատեսի աչքերով պատսպարեալներէն զոյգ մը, խանդավառուած ուրախ մթնոլորտէն, զիրար գրկեցին եւ այդպէս պարեցին, ապա անոնք ըսին, որ այսօր իրենց կեանքի ամէնէն ուրախ օրերէն մէկն էր, որովհետեւ ծարաւը ունէին միջավայրի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ` առօրեայէն դուրս ելլելու իրողութեան:
Յիշարժան այս օրուան կայացման առիթով հարկ է գնահատել վարչութիւնը այս ծրագիրին համար, որով հրճուանքով լեցուեցան պատսպարեալներուն սրտերը, իսկ Հայ Ազգային բուժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին մաղթել ուժ եւ կորով, որպէսզի հոն ապաստանած մեր մամիկները եւ պապիկները հանգիստ եւ ուրախ կեցութիւն ունենան: