Պաշտօնապէս Բացումը Կատարուեցաւ Դպրեվանքի
2023-2024 Կրթական–Ուսումնական Տարեշրջանին
Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը կրկնակի ցնծութեան օր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ կը յիշատակուի թէ՛ մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը աւելի ամրացնող սերունդին աւանդը եւ թէ՛ կը վերանորոգուի թարգմանչաց ուխտը` դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին ճամբով:
Առ այդ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը: Հուսկ, վեհարանի դահլիճին մէջ, դպրեվանքի սաներուն մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, գեղարուեստական յայտագիրով մը տեղի ունեցաւ դպրեվանքին 2023-2024 կրթական-ուսումնական վերամուտին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը յղեց իր հայրապետական պատգամը:
Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց ի տես դպրեվանքին կրթական-ուսումնական նոր տարեշրջանի մեկնարկին` անգամ մը եւս շեշտելով, որ դպրեվանքը իր էութեամբ ու կոչումով առաքելութիւն է, որ իր յարկին տակ կը կոփէ Աստուծոյ եւ ազգին ծառայողները` հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած:
Խօսելով Թարգմանչաց վարդապետաց տօնի մասին` վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ թարգմանչաց սերունդը Աստուծոյ ներկայութի՛ւնը թարգմանեց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` հայացնելով մեր հաւատքը: Աւելի՛ն, թարգմանիչ վարդապետները իրենց իրագործումներով մեզի պարգեւեցին պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց կանգուն մնալու ուժը` իբրեւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներով շաղախուած ազգ: Այսօր, անոնք ընդհանրապէս մեր եւ յատկապէս դպրեվանքի կեանքին մէջ պէտք է դառնան մեր կեանքի ճամբան լուսաւորող ուղենիշեր, նշեց վեհափառ հայրապետը:
Կամրջելով անցեալը ներկային` վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց թարգմանչաց սերունդին տեսլականին շարունակականութիւնը ապահովող սերունդի մը պատրաստութեան հրամայականը: Վկայակոչելով իր դպրեվանքի առաջին վերամուտին հանդիսութեան ընթացքին երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին արտասանած պատգամը, ուր շեշտադրած էր առողջ նկարագիրի կերտման հրամայականը, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց, որ ուսումն ու վկայականը անիմաստ կը դառնան, երբ մարդուն մէջ կը պակսի վեհ նկարագիրը, իսկ դպրեվանքի հիմնական առաքելութիւնն է մարդուն մէջ նկարագի՛ր կերտել` շաղախուած Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ազգին ծառայելու պատրաստակամ ոգիով:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, դպրեվանքի բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնց անմիջական հսկողութեամբ ու աջակցութեամբ, դպրեվանքը կը շարունակէ իրագործել իրեն վստահուած սրբազան առաքելութիւնն ու կոչումը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով, շնորհներով եւ օրհնութեամբ լեցնէ դպրեվանքին կեանք:
Դպրեվանքի 2023-2024 տարեմուտի բացման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ վեհափառ հայրապետին պահպանիչ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգի ու դպրեվանքի քայլերգի միաբերան երգեցողութեամբ:
Նշենք, որ դպրեվանքի տարեմուտի բացման հանդիսութեան ընթացքին, տեսուչ հայր սուրբը արտասանեց տեսչական ուղերձը, ուր շեշտը դրաւ դպրեվանքին առաքելութեան կիզակէտը կազմած ոգիին եւ իմաստութեան վրայ` դիտել տալով, որ դպրեվանքի ոգին կը բխի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին դարաւոր պատմութենէն, կ՛ապրի այդ շունչով ու տեսիլքով եւ իր ապագան յարատեւ ջանքերով կը կերտէ: Դպրեվանքին նպատակն է հոգեմտաւոր կարողութիւններով անհատներ կերտել եւ զանոնք զինել գիտութեամբ ու իմաստութեամբ, որպէսզի ապագային անոնք մեր ժողովուրդը բարգաւաճման ու զարգացման առաջնորդեն, ըսաւ ան:
Իսկ Ս. պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, հայր Պարոյրը կեդրոնացաւ Եսայի մարգարէի տեսիլքին վրայ, որուն պատգամն է խոնարհութիւնը եւ բոլորիս, անխտիր, աստուածային փրկագործական ծրագիրին մաս կազմելը: Առ այդ, հայր սուրբը քաջալերեց հաւատացեալները իրենց աստուածատուր ձիրքերով, տաղանդներով ու շնորհներով, մասնագիտութիւններով ու հմտութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերելու ազգակերտման ու եկեղեցակերտման սրբազան առաքելութեան, մանաւանդ որ ներկայիս ազգովին կարիքը ունինք ճիգերու համախմբման` ի սպաս եկեղեցւոյ ու ազգին բարօրութեան:
Արամ Ա. Կաթողիկոսը Նախագահեց Դպրեվանքի
2023-2024 Ուսումնական–Կրթական
Տարեմուտի Առաջին Ուսուցչաց Ժողովին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2023-2024 ուսումնակրթական տարեմուտի սեմին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ ուսուցչական ժողով, շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2023-ին, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը, որ անդրադառնալով դպրեվանքի առաքելութեան` ըսաւ, որ մեր ազգի դիմագրաւած տխուր տագնապներուն դիմաց, դպրեվանքը նախանձախնդիր կերպով կը լծուի վերանորոգ առաքելութեամբ պատրաստելու հոգեւոր եւ ազգային այն մարդը, որ լուծումներ պիտի տայ մեր ազգին ու եկեղեցիին առջեւ դրուած դատին, խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս, հայրական ու հայրապետական սիրով ողջունելէ ետք դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, շեշտեց դպրեվանքին հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեան կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ դպրեվանքի աշակերտները պէտք է պատրաստուին ժամանակին հետ քայլ պահելով եւ այնպիսի նկարագիրով, որով դպրեվանքը ճանչցուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: «Յատկապէս այս տագնապալից օրերուն, մեր ժողովուրդի զաւակները կը նային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Դպրեվանքը ա՛յս բծախնդրութեամբ պէտք է լծուի հոգեմտաւոր մարդը պատրաստելու սրբազան առաքելութեան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետին տնօրինումով, տեսուչ հայր սուրբին իբրեւ օգնականներ, տեսչութեան մաս կը կազմեն Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեանը, Գէորգ վրդ. Գարակէօզեանը, Ազատ աբղյ. Ֆիլիքեանը եւ Նշան սրկ. Անտրեանը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ
Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի 15-րդ Համաժողովին
Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերէն երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ին, Հնդկաստանի Քոթայամ քաղաքին մէջ կայացաւ Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի 15-րդ համաժողովը` «Աստուա՜ծ, վերանորոգէ մեզ Քու շունչովդ եւ վերականգնէ արարչագործութիւնը» խորագիրով: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս համաժողովին մասնակցեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ ու խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը եւ Անի Քրիստի սարկաւագ Մանուէլեանը:
Ժողովին բացումը կատարեց Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Մաթիու Ճորճ Չունաքարան:
Հինգ օրերու վրայ տարածուած այս համաժողովը քննարկեց գործադիր վարչութեան, ընդհանուր քարտուղարութեան եւ միաւորներուն վերջին ութամեայ գործունէութիւնը եւ նոր միջոցներ որոնեց շրջանի եկեղեցիներուն միջեւ համագործակցութիւնը առաւել եւս ամրացնելու եւ կրօնական երկխօսութիւնը զօրացնելու: Աւարտին, համաժողովը ընտրեց յառաջիկայ հինգ տարուան գործադիր վարչութիւնը: Սեպուհ սրբազան, որ 2010 թուականէն ի վեր եղած է անդամ գործադիր վարչութեան, վերընտրուեցաւ:
Ժողովի ընթացքին, իբրեւ պատգամաւոր, Սեպուհ սրբազանը շեշտեց Արցախի ժողովուրդի ներկայ աղէտալի վիճակը եւ յանձնարարեց ժողովականներուն յատուկ կոչով դատապարտել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ծրագիրները հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Նշենք, որ կիրակի, 1 հոկտեմբերին, ժողովականներուն` տեղի եկեղեցիներու պատարագներուն մասնակցութեան ծիրին մէջ, Թեհրանի հայոց թեմի պատուիրակները մասնակցեցան հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, ուր սրբազան հայրը քարոզեց:
Համաժողովի փակման նիստին, Անի Քրիստի սարկաւագը մասնակցեցաւ աղօթքի արարողութեան:
Յայտնենք, որ 2010 թուականէն ի վեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թեհրանի Հայոց թեմը անդամ է Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին:


