Ուրբաթ, 6 հոկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` դատապարտելով Հոմսի սպայից վարժարանին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումը եւ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին:
Վեհափառ հայրապետը նամակին մէջ իր զօրակցութիւնն ու կարեկցանքը յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած սուրիական հայրենիքին անսասանութեան ու հզօրութեան համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն:


