Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով կիրակի, 15 հոկտեմբերին, թեմի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս շաբաթ հայ եկեղեցին կը յիշատակէ հայոց այբուբենի գիւտին տօնը եւ այդ առիթով յատուկ եկեղեցական պատիւ կ՛ընծայէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին ու անոր աշակերտներուն, որոնք հաւաքաբար մեր եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուին իբրեւ Թարգմանիչ Վարդապետներ:
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ հայոց գիրերու գիւտը տեղի ունեցաւ 5-րդ դարուն, հայոց պատմութեան բախտորոշ մէկ շրջանին, երբ Հայաստանը կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը եւ բաժնուած էր Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ ու հայ ժողովուրդն ալ կանգնած էր ձուլման վտանգին դիմաց` աւելցնելով, որ քաղաքականօրէն եւ ազգային առումով, անյոյս պայմաններու մէջ սկիզբ առաւ Հայաստանի լուսաւորութեան դարաշրջանը: Այս աշխատանքը առաւելաբար իրականացաւ շնորհիւ խումբ մը հոգեւորականներու, որոնք ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ոչ միայն Աստուածաշունչը թարգմանեցին հայերէնի, այլեւ` իրենց հոգիի ու միտքի վաստակով հայութեան մշակութային Ոսկեդարը կերտեցին:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը հաստատեց, որ թարգմանիչ կոչուող վարդապետներուն առաջնորդներն էին Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ հայրապետ, սակայն կային նաեւ ուրիշներ` 5-րդ դարուն եւ այնուհետեւ ապրած ու գործած միտքի եւ հոգիի հսկաներ, որոնք հաւաքաբար սուրբերու կարգին դասուեցան մեր եկեղեցւոյ կողմէ, որովհետեւ անոնք ապրեցան մեր ժողովուրդին տագնապներով եւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքը լեցուցին իրենց սրտի, հոգիի եւ միտքի մեծութեան լոյսով:
«Այդ լոյսի փառաբանութեան տօնն է այսօր: Նուիրական այս առիթով, նախ պէտք է յիշենք, թէ պատմութեան ընթացքին, երբ մեր ժողովուրդի բարոյական վիճակը եղած է բարձր ու ամուր, մեր ազգի կեանքին մէջ նաեւ հրաշքներ կատարուած են», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` շեշտելով, որ այդ իրողութիւնը պէտք է արթնութեան հրաւիրէ մեզ, մասնաւորաբար այս օրերուն, երբ անխուսափելիօրէն մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղենք դէպի ծանրագոյն տագնապներու քովէն անցնող մեր հայրենիքը եւ նաեւ կը խորհինք աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդին դիմաց յարուցուած տեսակաւոր խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք, ինչպէս գիտէք, առաւելաբար կը սպառնան մեր նոր սերունդին, որուն բարոյական վիճակն ու հոգեկան ամրութիւնը առաջնահերթ խնդիր է բոլորիս համար:
«Այսօր ի՞նչ պայմաններով կը դիմագրաւենք մեզի սպառնացող վտանգները եւ մեր կեանքին համար ի՞նչ աղբիւրէ կը քաղենք լոյս ու առաջնորդութիւն: Մասնաւորաբար, ո՞վ կը դաստիարակէ մեր զաւակները: Ի՞նչ լեզուով կը խօսինք անոնց հետ եւ ի՞նչ տեսակ արժէքներ կը փոխանցենք անոնց», հարց տուաւ Շահէ արք. Փանոսեան` նկատել տալով, որ մինչեւ երէկ, մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ ներկայ էին մեր սուրբերը, մեր առօրեային մէջ կենդանի եւ ներշնչող ազդեցութիւն ունէին հայոց պատմութեան դէպքերը, որոնք մեր ազգային երազներուն ու տեսիլքներուն կ՛առնչէին նաեւ մեր զաւակները, եւ այդպիսով մեր կեանքին մէջ կը պահուէր ու կը պաշտպանուէր ազգային կորով ու բարոյական վիճակ:
Անդրադառնալով Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին` սրբազան հայրը յայտնեց, որ այսօր, տասնամեակներու աւանդութեամբ հաստատուած սովորութեան համաձայն, Ս. պատարագով պաշտօնական բացումը կը կատարենք թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին` շեշտելով, որ Կիրակնօրեայ վարժարանին գործը սուրբ է, եւ այդ գործին լծակիցները կը մնան յաւէտ օրհնեալ:
«Արդարեւ, ազգային մեր վարժարաններուն կողքին, Կիրակնօրեայ դպրոցը եզակի այն հաստատութիւնն է, ուր հայ մանուկն ու պատանին կ՛ընտելանան Աստուածաշունչի ուսուցումներուն, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծէսին, տօներուն, սուրբերուն, շարականներուն եւ աղօթքներուն», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` բարի երթ մաղթելով Կիրակնօրեայ դպրոցին ու միաժամանակ նոր արթնութիւն մաղթելով մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար փոթորկալից այս օրերու պայմաններուն մէջ, երբ բոլորս ալ պէտք է գիտակցինք, թէ մեր եկեղեցին կը մնայ աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքին ամէնէն ապահով երաշխաւորը: Հետեւաբար, հայ եկեղեցւոյ զաւակները պէտք է բանիւ եւ գործով ձգտին հաւատարիմ մնալ հայ եկեղեցւոյ հաւատքին, աւանդութեանց եւ սրբութիւններուն եւ իրենց կեանքին մէջ վառ պահել քրիստոնէական բարոյականութիւնն ու ճշմարտութիւնները, որպէսզի հոգեւոր մթնոլորտը տարածուի համայնական մեր կեանքին մէջ:
Առաջնորդ սրբազանը մէջբերում մը կատարելով Մարկոսի Աւետարանի 10-րդ գլուխէն, ուր կը պատմուի, թէ առիթով մը, երբ Յիսուս ժողովուրդին կ՛ուսուցանէր, ոմանք մանուկներ բերին, որպէսզի Յիսուս օրհնէ զանոնք, բայց Անոր աշակերտները արգելք հանդիսացան, եւ երբ Յիսուս անդրադարձաւ, սաստեց աշակերտները, ըսելով. «Ձգեցէ՛ք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»: Ապա գրկեց եւ օրհնեց զանոնք: Հետեւաբար, նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք մեր զաւակներու կրօնական դաստիարակութեան նկատմամբ, որպէսզի առողջ ու պայծառ մնայ մեր հաւաքականութեան կեանքը:
«Վստահաբար, մեր առօրեային մէջ շատ ընելիքներ ունինք մենք ու մեր զաւակները, սակայն, իբրեւ սրբազան պարտականութիւն, նախ մեր զաւակները Կիրակնօրեայ վարժարան պէտք է առաջնորդենք, զանոնք Աստուծոյ մօտեցնենք, որպէսզի մեր զաւակներուն մասնակցութեամբ հայ եկեղեցին նոր պայծառութիւն գտնէ եւ մեր հաւաքականութիւնը նոր յառաջդիմութեան ու վերելքի ուղին գտնէ», եզրափակեց սրբազան հայրը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնեալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը յատուկ աղօթքով եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու մաղթերգով: Բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Սարգիս ա. քհնյ. Սարգիսեան, որ բարի վերամուտ մաղթելէ ետք ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անդրադարձաւ վերակազմակերպման աշխատանքներու կարեւորութեան` վերյիշեցնելով ներկաներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2023 տարուան «Սփիւռքի տարի. Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» հռչակման կարեւորութիւնը: Քահանայ հայրը հրաւիրեց պատասխանատուները այս հասկացողութեամբ կատարելու իրենց նուիրական առաքելութիւնը, նաեւ հրաւիրեց բոլոր ծառայողները Քրիստոսի օրինակով ապրելու` դառնալով մէկական առաքեալներ իրենց առաքելութիւնը ամբողջական նուիրումով եւ հաւատքով կատարելու:
Ապա տեղի ունեցաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն, որմէ ետք իւրաքանչիւր տեսուչ ներկայացուց իր նախորդ տարուան տեղեկագիրը եւ անոնց արժեւորումը կատարուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Աւարտին Կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները մշակեցին իրենց յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրը, ապա աղօթքով լծուեցան այդ ծրագիրի իրագործման աշխատանքին:


