Գաղութային

Լիբանանեան Ազգային Կուսակցութիւններու  Համախմբումը Խստիւ Դատապարտեց Արցախի Դէմ  Ազրպէյճանի Ոճրային Յարձակումն  Ու Հայութեան Բռնի Տեղահանումը

Լիբանանեան Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Խստիւ Դատապարտեց Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Ոճրային Յարձակումն Ու Հայութեան Բռնի Տեղահանումը

Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, եւ համախմբումին մէջ անոր ներկայացուցիչը` Պարոյր Տէր Ղուկասեան կը վարէ փոխատենապետի պաշտօնը, երէկ իր ընթացիկ նիստը գումարեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Ղովմի կուսակցութեան, Պաաս կուսակցութեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ...

Ընդառաջելով Լիբանանցի  Պատասխանատուներու Կոչին`  Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ  Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Ընդառաջելով Լիբանանցի Պատասխանատուներու Կոչին` Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Ընդառաջելով  լիբանանցի պատասխանատուներու եւ առնչակից անձնաւորութիւններու կոչին` Արցախի զօրակցութեան յատուկ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արցախի, յատկապէս հոն արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն ու  քաղուած դասերու քննարկման յատկացուած այս խորհրդաժողովին ներկայ էին հայ եւ ոչ հայ լիբանանցի կուսակցական, միութենական պատասխանատուներ, պետական անձնաւորութիւններ ու հոգեւոր հայրեր եւ լրագրողներ: Այս առիթով ներկաները խօսք...

Լիբանանահայ Սիրուած Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Կիթառի Միջազգային Ողիմպիականին Նուաճեց Առաջնութիւնը

Լիբանանահայ Սիրուած Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Կիթառի Միջազգային Ողիմպիականին Նուաճեց Առաջնութիւնը

Յունաստանի մէջ լիբանանահայ անուանի կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ Միջազգային կիթառի կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած է իբրեւ դեսպան, 23 օգոստոս 2023-ին Յունաստանի Վոլոս քաղաքին մէջ ներկայացուց Հայաստանն ու Լիբանանը` Կիթառի միջազգային (World guitar day-2023) օրուան առիթով կազմակերպուած ողիմպիականին: «Ազդակ» այս առիթով կարճ զրոյց մը ունեցաւ Մկրտիչ Միքայէլեանին հետ, ըսաւ. «Այս տարի պատմական տարի է, որովհետեւ առաջին տարին է, որ կիթառի ողիմպիական սկսաւ...

Գործակցաբար Հայկազեան Համալսարանին Հետ. Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Երկօրեայ Սեմինար

Գործակցաբար Հայկազեան Համալսարանին Հետ. Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Երկօրեայ Սեմինար

Կրթական 2023-2024 տարեշրջանի սեմին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, շաբաթ 23 եւ 30 սեպտեմբեր 2023-ին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան յատուկ կրթական երկօրեայ սեմինար մը, որուն նիւթն էր` «Ուսուցողական ռազմավարութիւնները յառաջիկայ սերունդներու աշակերտներուն համար»: Սեմինարը վարեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Սուհա Սաֆիէտտին: Շաբաթ, 23...

Սաատ Հարիրին Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Սաատ Հարիրին Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ին, ընդունեց Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց նախկին վարչապետ Հարիրիի ողջոյնները եւ միաժամանակ արտայայտեց անոր խոր ցաւը` ի տես Արցախի մէջ պատահող փոփոխութեանց, ժողովուրդին տեղահանութեան եւ աշխարհին լռութեան:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Օժանդակութեան Մարմին Արցախի Հայութեան` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովանաւորութեամբ

Քանի մը օրեր առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր` ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը, խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, նշանակեց Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը, որուն մաս կը կազմեն. - Անուշաւան արք. Դանիէլեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին) - Թորգոմ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ գրասենեակի անձնակազմի ղեկավար եւ ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի աւագ քաղաքական խորհրդական Նիրաժ Սինկիհետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ՄԱԿ-ի առաքելութեան 1 հոկտեմբերին Արցախ այցելութեան, ինչպէս...

«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին  Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը».   «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան  Միակողմանի Կեցուածքներէն»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը». «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան Միակողմանի Կեցուածքներէն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ «Բոլորս Արցախ ենք» պահանջատիրական ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` նկատել տալով, որ ցոյցի հրաւէրը ուղղուած էր լիբանանահայութեան եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն` աւելցնելով սակայն, որ ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերած են բարեկամ լիբանանցիներ, որոնց երախտագէտ են: Անդրադառնալով...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Սանահին Թովմասեան, 29 սեպտեմբերի առաւօտուն այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ։ Շուրջ մէկ ժամ տեւած խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին, ռուս խաղաղապահ առաքելութեան անորոշութեան եւ Արցախի ամբողջական հայաթափումին վրայ։ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը իր դատապարտանքն ու մտահոգութիւնը...

Բազմահազար Հայորդիներ Բուռն Կերպով  Դատապարտեցին Ազրպէյճանի  Ցեղասպանական Պետութիւնը.  Բախում Ապահովական Մարմիններուն Հետ.  30 Վիրաւորներ Փոխադրուեցան Հիւանդանոց

Բազմահազար Հայորդիներ Բուռն Կերպով Դատապարտեցին Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Պետութիւնը. Բախում Ապահովական Մարմիններուն Հետ. 30 Վիրաւորներ Փոխադրուեցան Հիւանդանոց

Յակոբ Բագրատունի. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Լիբանանի Պետական Շրջանակներուն Չծառայելու Ցեղասպանական Պետութիւններուն` Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի» Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, անսալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոչին, Լիբանանի տարբեր շրջաններէն բազմահազար հայորդիներ համախմբուեցան Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` բուռն կերպով բողոքելու համար Ազրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: Ապահովական մարմինները յայտնապէս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ ստացած էին պատուէր` խիստ կերպով հակազդելու ցուցարարներուն: Անտեղիօրէն օգտագործուած արցունքաբեր կազերու պատճառով...

Կազմակերպութեամբ Ուսումնական Խորհուրդին.  Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան  Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Արցախահայութեան

Կազմակերպութեամբ Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Արցախահայութեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի կողքին ենք» խորագիրով լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտական զօրակցական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, դպրեվանքի տեսչութեան, կրթական մշակներու եւ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեմերուն Թելադրեց  Յառաջիկայ Կիրակին Հռչակել Արցախի  Զօրակցութեան Օր Եւ Մարդասիրական  Օժանդակութիւն Կատարել Արցախի Ընտանիքներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեմերուն Թելադրեց Յառաջիկայ Կիրակին Հռչակել Արցախի Զօրակցութեան Օր Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կատարել Արցախի Ընտանիքներուն

Չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2023-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր հարցը Արցախի մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր: Կաթողիկոսը հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց առաջնորդներուն եւ թեմի իշխանութիւններուն. Ա) Յառաջիկայ կիրակին, 1 հոկտեմբերը նկատել Արցախի զօրակցութեան օր` հոգեհանգիստ կատարելով Արցախի նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ աղօթել հիւանդներու շուտափոյթ ապաքինման եւ ընդհանրապէս տագնապի մէջ...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ` Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյնի Օրհնութիւն

Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ` Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյնի Օրհնութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի 24 սեպտեմբերին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում մը կատարեց օրուան Ճաշու աւետարանէն, որ մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ դէպի ընտանիք, դէպի այն բոյնը, որ...

Գարակէօզեան Հաստատութիւն Այցելեցին Եւրոպական Միութեան  Ներդրումային Դրամատան (European Investment Bank) Ներկայացուցիչներ

Գարակէօզեան Հաստատութիւն Այցելեցին Եւրոպական Միութեան Ներդրումային Դրամատան (European Investment Bank) Ներկայացուցիչներ

Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2023-ին Գարակէօզեան հաստատութիւն այցելեցին Եւրոպական Միութեան  ներդրումային դրամատան (European Investment Bank) ներկայացուցիչներ` տոքթ? Քրիստինա Միքօլօվա եւ Ճոյս Լիան,  ընկերակցութեամբ Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան (WHO) Լիբանանի ընդհանուր տնօրէն` տոքթ? Ապտըլ Նասէր Ապու Պեքրի եւ Լիբանանին Առողջապահական նախարարութեան ներկայացուցիչ եւ Լիբանանի Առաջնակարգ առողջապահական կեդրոններու ընդհանուր տնօրէն` տոքթ? Ռանտա Համատէի: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի եւ Վարչական կազմի ներկայացուցիչ անդամներու...

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Զ.                                  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները  Թրիփոլիի Մէջ

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Զ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Թրիփոլիի Մէջ

Լիբանանի հայաշատ շրջաններու հայութեան առողջապահական կարիքները գոհացնելու համար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ձեռնարկած  անվճար ծառայութիւններու արշաւին վերջին հանգրուանը եղաւ հեռակայ Թրիփոլիի շրջանը: Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2023-ին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Թրիփոլի եւ տեղւոյն ՀՅԴ ակումբին մէջ կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ` առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:30: Առողջապահական օրը  վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ...

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

Մեր Զաւակները Մեր Դպրոցներուն Մէջ Պէտք Է Գտնեն Ազգային Ուղիղ Ճամբան

Հակառակ մեր դիմագրաւած կեանքի անբաղձալի պայմաններուն եւ ի հեճուկս մեր ապրած տեսակաւոր դժուարութիւններուն ու նաեւ մեզ ապշեցնող անակնկալներուն, ահաւասիկ, հայ դպրոցը հաստատ յանձնառութեամբ դարձեալ իր դռները կը բանայ հայ աշակերտութեան դիմաց, որպէսզի մեր զաւակներուն ճամբով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շունչը վերընձիւղի մեր կեանքին մէջ: Այսօր հայ դպրոցը պէտք է գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, որովհետեւ կրթական վերամուտ է: Նուիրական այս պահը կը թելադրէ...

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Գալուստ Կիւլպէնկեան  հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Զրոյցի առաջին բաժինը կը վերաբերէր հայրենական վերջին ծանրագոյն իրադարձութիւններուն եւ անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն, յատկապէս` սփիւռքահայ տարբեր խաւերու վրայ: Սփիւռքահայ կրթական ոլորտը, հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան համար կայացած հարցախոյզերու երեւոյթը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները ներառուած էին խորհրդակցութեան նիւթերուն: Առանցքային բաժին էր  արեւմտահայերէնով...

Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Մուսա Լերան հերոսամարտի 108-ամեակին եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 84-ամեակին առիթով, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 17 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ 7-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութեան, երբ Հերակլ կայսրը անձամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ խաչի վերադարձին թափօրը եւ ի մխիթարութիւն քրիստոնեայ աշխարհին` ան նաեւ իր ձեռքերով...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 108-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 84-Ամեակի Նշում

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 108-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 84-Ամեակի Նշում

Մուսա լերան հերոսամարտի 108-ամեակին եւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 84-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին կից տարածքը, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկը: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի...

ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` «Հելթ Տէյ»

ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` «Հելթ Տէյ»

Յաճախ կը լսենք աւանդական խօսքը, որ կ՛ըսէ` «Առողջ մարմին, առողջ միտք»: Առողջ միտքն ու առողջ մարմինը կարելի չէ իրարմէ բաժնել եւ իրարմէ անջատ կերպով մտածել, քանի որ առողջ միտքն ու մարմինը զիրար կ՛ամբողջացնեն: Սակայն ի՞նչ կը պատահի, երբ ունենանք առողջ մարմին մը եւ առողջ միտք մը: Երբ առօրեայ դրութեամբ հոգ տանինք մեր մարմնին եւ մեր մտքին, ժամանակ մը ետք կ՛ըլլանք...

Page 80 of 365 1 … 79 80 81 … 365

Արխիւներ