Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միսաք Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» Գիրքին Հարիւրամեակը

October 17, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Գ. Ղ.

Այս տարուան ամառնային մեծարենցեան երեկոներու վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 սեպտեմբեր 2023-ին, Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Ան նուիրուած էր Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքին հրատարակութեան 100-ամեակին (28 սեպտեմբեր 1923):

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքը ունկնդիրներուն ներկայացուց Այնճարի բնակիչ, երկրագործական ճարտարագէտ Ուաժտի Պրպերին: Օրուան հանդիսավարն էր Նաթալի Քենտիրճեան:

Քենտիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեաններուն, որոնք 11 տարիներէ ի վեր ամառները շարունակ կը կազմակերպեն մշակութային ձեռնարկներ:

Նաթալի Քենտիրճեան յայտնեց, որ այսօր բոլորիս համար ցաւ է Արցախին մէջ պատահածները: Ան ըսաւ, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան առաջիններէն էր, որ խօսեցաւ հալածուածներուն եւ տառապեալ ժողովուրդներուն մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, եւ կարծես այսօր պատմութիւնը կը կրկնուի «Մարգարէն» գիրքին 100-ամեակով:

Նաթալի Քենտիրճեան նաեւ ըսաւ, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքը բովանդակալից է, մեր կեանքի բոլոր ելեւէջներուն հետ, անոր համար է, որ ան մինչեւ այսօր մեզի հետ է եւ կը մնայ մեզի հետ  առյաւէտ:

Ապա հանդիսավարը խօսքը փոխանցեց օրուան դասախօս Ուաժտի Պրպերիին:

Պրպերի յայտնեց, որ 2023 տարին Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի երկու գիրքերուն հրատարակութեան 100-ամեակն է:

Առաջին գիրքը` «Ալ պատայի ուաթ թարաէֆ»,

տպուած է Գահիրէի մէջ, յունիս 1923-ին: Անիկա հաւաքածոյ է յօդուածներու եւ բանաստեղծութիւններու, որոնք կազմուած են գիրքին տպուած տարուան նախորդող տասը տարիներուն ընթացքին:

Երկրորդ հատորը կը հրատարակուի կիրակի, 23 սեպտեմբեր 1923-ին: «The Prօphet» «Մարգարէն» անունով, որ մեր այսօրուան օրակարգին նիւթն էր:

Ուաժտի Պրպերի ըսաւ, որ եթէ նկատի առնենք Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի գրական աշխատանքները, իրենց ամբողջութեան մէջ ծառի մը կը նմանցնենք, անոր մէկ ճիւղը «Մարգարէն» է, որ աճած է շատ բարձր եւ իր շուքը կը ձգէ մնացեալ բոլոր ճիւղերուն վրայ:

«Մարգարէն» գիրքը, հակառակ անոր որ սկիզբը մեծ խանդավառութեամբ չընդունուեցաւ, բայց հետագային 112 լեզուներու թարգմանուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ անոր տպաքանակը կը հասնի 10.000.000-ի, երբեմն շաբաթական սպառումը 5000 օրինակի կը հասնի:

Գիրքը նուէր կը բաժնուէր հարսանեկան եւ թաղման հաւաքոյթներուն:

Պարզ ընթերցողին, դասախօսին, բանաստեղծին, փիլիսոփային, իմաստունին բարձի գիրքն էր:

– Ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուէին «Մարգարէն» գիրքին համար: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ զանազան երկիրներու մէջ:

– Ինչպէս նաեւ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի հայրենիքին մէջ, Պալամանտ համալսարան, Պշարրէի Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի տուն-թանգարանին մէջ, նաեւ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:

Ի՞նչ բան Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքին մէջ զինք դարձուց միջազգային դէմք: Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան 12 տարի (1911-1923) ծանր աշխատանք տարած է` հաւաքելով անգնահատելի գիտելիքներ` զանազան գրողներէ, երկիրներէ, իր ծննդավայր Լիբանանէն, արաբական երկիրներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ Գերմանիայէն: Հետեւած է ժամանակակից պատմութեան ու գրականութեան:

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանին մօտիկ ընկերուհին` Մերի Էլիզապեթ Հասքել, ամերիկացի գրականագէտ, 12 տարի շարունակ մեծապէս օգտակար եղած է «Մարգարէն» գիրքին անգլերէն լեզուի սրբագրութիւններուն եւ գեղարուեստական զարգացման աշխատանքին մէջ:

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան կը մահանայ 10 ապրիլ 1931-ին, հիւանդանոցին մէջ, Նիւ Եորք: Անոր մարմինը Լիբանան կը փոխադրուի նոյն տարուան 10 օգոստոսին եւ կը թաղուի իր հայրենի Պշարրէ գիւղաքաղաքին մէջ:

Դասախօսը Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կողմէ «Մարգարէն» գիրքին մէջ գծուած 12 գունաւոր նկարները ցոյց տուաւ ներկաներուն:

«Մարգարէն» գիրքէն Վահէ Վահեանի ձեռամբ անգլերէնէ հայերէնի թարգմանութենէն հատուածներ կարդացուեցան ներկաներուն կողմէ (ստորեւ` արձանագրուած):

Հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաժտի Պրպերիին իր հետաքրքրական եւ շինիչ դասախօսութեան համար` մաղթելով, որ յաջորդ տարին կրկին կը հանդիպինք «Հիւղը» բնակարանին բակը:

—————————

Հատուածներ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի
«
Մարգարէն» Գիրքէն

Ա.- Սիրոյ Մասին

Ալմիթրան իրմէ խնդրեց այն ատեն,
– խօսէ՜ մեզի, տէ՜ր, Սիրոյ մասին նախ:
Վեր առաւ գլուխն ու նայեցաւ ինք
Բազմութեան վրայ, եւ անդորրութիւն
Մը տարածուեցաւ բոլորին վերեւ:

Ու ձայնով մը վեհ ըսաւ ինք անոնց.
«Սէրը երբ կանչէ ձեզ նշանացի`
Գացէք ետեւէն,
«Թէեւ ճամբաներն ըլլան զառիվեր
Ու տաժանելի:
«Երբ թեւերն անոր փաթթուին ձեզի`
Եղէք անձնատո՜ւր,
«Թէեւ փետուրին միջեւ ծածկուած
Սուրն անոր կրնայ վիրաւորել ձեզ:

Բ.- Ամուսնութեան մասին

Ալմիթրան ապա խօսք առաւ կրկին ու հարցուց իրեն.
– Իսկ Ամուսնութեան մասին չէ՞ք ուզեր
Խօսիլ նոյնպէս, տէ՜ր:
Պատասխանեց ինք եւ ըսաւ այսպէս,
«Աշխարհ էք եկած դուք միասնաբար
Ու պիտի մնաք միասին յաւէտ:
Երբ մահուան թեւերն սպիտակ ձեր կեանքի
օրերն ընեն ցիրուցան
«Սիրեցէք զիրար, բայց մի՜ վերածէք
սէրը կապանքի.
«Թող նախընտրաբար ըլլայ անիկա
Ծով մը յարաշարժ` ափերուն միջեւ
Ձեր հոգիներուն:
«Բաժակ լեցուցէք մէկդ միւսին, բայց
Նոյն բաժակէն մի՜ փորձուիք խմել:
«Ձեր հացէն բաժին տուէք իրարու,
Բայց մի՜ ուտէք դուք նոյն նկանակէն:

Գ.- Զաւակին Մասին

Կին մը, որ ունէր մանկիկ մը գիրկին,
Աղաչեց իրեն,
– Խօսէ մեզի, տէ՜ր, Զաւակի մասին:
Եւ էլմուսթաֆան խօսեցաւ այսպէս,
«Ծնունդները ձեր…  չե՜ն ձեր զաւակներն,
այլ` տղաքն անոնք եւ աղջիկներն են
Այն կարօտին զոր
Կեանքը կը տածէ ինքնիրեն հանդէպ:
«Կու գան ձեր մէջէն, սակայն ո՛չ ձեզմէ:
«Թէեւ ձեզի հետ` բայց չեն պատկանիր
Անոնք ձեր անձին:
«Կրնաք տալ իրենց սէր ու գուրգուրանք,
Բայց ո՛չ մտածում:

Դ.- Տալու Մասին

Ըսաւ այն ատեն մարդ մը ունեւոր.
– Խօսէ՜ մեզի, տէ՜ր, Տալո՜ւ մասին այժմ:
Պատասխանեց ինք,
«Տուած կ՛ըլլաք դուք շատ քիչ բան` երբ տաք
Ձեր ստացուածքէն:
«Ձեր անձէ՛ն տալով միայն կ՛ըլլաք դուք
Իսկապէ՛ս տուած:
«Վասնզի, ի՞նչ են ձեր ստացուածքներն,
Եթէ ոչ բաներ,
Զորս կը պահէք ու կը պահպանէք,
Վախով, թէ կրնաք վաղը դուք` կարիք
ունենալ անոնց:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հարցով Պայտընի Անգործութիւնը Կը Հիասթափեցնէ Ամերիկահայերը

Յաջորդը

Պուշկինի Այգին Ընկերային Հաւաքատեղի (Երիտասարդ Տարիների Յուշեր)

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.