Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Հայրենի Հողի Պաշտպանութեան Համար Ինկած Նահատակներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

Հոկտեմբեր 5, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ  զոյգ հայրապետներու տնօրինութեամբ, կիրակի, 1 հոկտեմբերը  հռչակուեցաւ Արցախի համար համազգային աղօթքի օր: Առ այդ, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հայրենի հողի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան իր քարոզին սկիզբը յայտնեց, որ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս օրը Վարագայ Ս. Խաչին տօնն է եւ պատմական ակնարկ մը նետեց խաչի պատմութեան: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ դժբախտաբար ներկայիս մենք մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի աւանդոյթներէն սկսած ենք դատարկուիլ, եւ եկեղեցին իր խորանէն մեզի կը յիշեցնէ, որ ազգային նուիրական առիթ մը պէտք է ստեղծել այսօր մեր կեանքէն ներս այնպէս, ինչպէս անցնող դարերուն մեզ կանխող սերունդները կը ստեղծէին: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ 21-րդ դարու պայմաններուն մէջ կ՛ապրինք եւ կը դժուարանանք նշմարել այն աներեւոյթ թշնամիները, որոնք ներկայ են մեր կեանքէն ներս: Ան վստահեցուց, որ 7-րդ դարուն եւս մեր կեանքէն ներս ճոխութիւններ կային, նաեւ իրենց կեանքը շռայլօրէն ապրողներ կային, սակայն գոյութիւն ունէին նաեւ սրբակեաց անձնաւորութիւններ, որոնք աշխարհի վրայ նուիրականը գտնելու եւ զայն պահելու համար գիտէին ճգնիլ ու տագնապիլ: «Ճգնաւոր` կը նշանակէ կեանքը պաշտպանելու համար ճգնող, տագնապող, պայքարող եւ քրիստոնէական կեցուածք ցոյց տուող արի անձնաւորութիւն», հաստատեց սրբազան հայրը` շեշտելով, որ պէտք է մենք փորձենք մեր կեանքէն ներս բան մը փոխել, պատշաճիլ անցեալին հետ, որպէսզի կարենանք յարատեւել, խաչի զօրութեամբ մենք մեզ պաշտպանել աշխարհի տարածքին: «Կեանքը միայն ուտել խմել չէ, միայն դրամ չէ, այլ իրականութիւն մըն է` հիմնուած հոգեւոր արժէքներու վրայ, որոնց մասին պէտք է առաւելաբար մտածենք, որպէսզի ամրութիւն բերենք մեր կեանքին», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ այս օրը Հայաստանի եւ արտասահմանի բոլոր անկիւններուն մէջ համազգային աղօթքի օր հռչակուած է մեր եկեղեցւոյ կողմէ: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախը` նուիրական հայրենի այն հողը, որ արիւնով շահուած էր, արդէն իսկ փոշիացաւ եւ ամբողջ տարածքը հայաթափուեցաւ, աւելցնելով, որ ամբողջ հայութիւնը տխուր է: «Պէտք է խոստովանինք, որ մենք, հակառակ ի գործ դրած մեր ճիգերուն, չկարողացանք պաշտպանել եւ պահել հայրենի հողը, այսինքն` մեր կեանքէն ներս ամէնէն նուիրականը: Ճիգ թափեցինք, բայց բաւարար չէր: Մահու կենաց պայքար մղեցինք այդ օրուան համար, հետեւաբար զայն թշնամիին յանձնելով` խուճապի մատնուեցանք, եւ այսօր Արցախի հայութիւնը, այն, ինչ որ հրաշքով փրկուեցաւ, դարձաւ գաղթական` ցրուելով աշխարհի տարածքին», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ դժուարին եւ ցաւալի այս օրերու պայմաններուն մէջ պէտք է դարձեալ դառնանք դէպի Աստուած, նուիրուինք աղօթքի կեանքին` աղերսելով Իրեն, որ խաչի զօրութիւնը պարգեւէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի ի խնդիր գոյութեան` պայքարը շարունակուի, որ կարելի է շարունակել միայն գիտակից կեցուածքով, ճգնութեամբ տքնելով, տագնապելով, տառապելով, մինչեւ որ հասնինք մեր իղձերուն եւ երազներուն: «Պատահականութեան ձգած ենք` մեր հաւատքը, մեր պատկանելիութիւնը, մեր տունը, մեր միջավայրը, մեր համայնքը, եւ այդ բոլորը այսօր պէտք է մեզ տագնապեցնեն, որովհետեւ պատահականութեան ձգած ենք նաեւ հայրենիքի հանդէպ մեր ունեցած պարտականութիւններուն խորունկ հասկացողութիւնը», եզրափակեց սրբազան հայրը` յորդորելով ներկաները սթափելու եւ արթննալու, որպէսզի աղօթական կեանքով եւ նուիրումով մենք զմեզ Աստուծոյ վերադարձնենք, որպէսզի նուաճենք այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք անպայմանօրէն այսուհետեւ կրկնապատիկ սաստկութեամբ պիտի յայտնուին մեր առօրեային մէջ, եւ հասնինք մեր ազգային իտէալներուն ու դարաւոր իղձերուն:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հայրենի հողի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

 

Նախորդը

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Ու Հայութեան Նուիրեալ Հերոսը (Մահուան Երրորդ Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Թենիս. Եանիք Սինըր Թիւ 4

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?