Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարուան Տարեցներու Ձեռնարկ

Դեկտեմբեր 22, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, ընկերային յանձնախումբի մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան նախկին տնօրէն Սալիմ Մուսանի, կազմակերպութեան նախկին կառավարիչ Պութրուս Աունի, առաջին կառավարիչ  Ժոզեֆ Պու Խալիլի, երկրորդ կառավարիչ Միշել Հասսունի, կազմակերպութեան պատասխանատու մեթր Ժիհան Սալիպայի, շաբաթ 16 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան տարեցներու ձեռնարկ` ընկերային բաժանմունքի 100 պարագաներու համար:

Բացման խօսքը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային յանձնախումբի անդամ Կարինէ Պալեան- Նալպանտեան: Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններուն` հաւաքուած են Ազգգային առաջնորդարանի յարկին տակ Ամանորեան տօնակատարութեան առթիւ: Կարինէ Պալեան-Նալպանտեան բացատրեց, որ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը երկարամեայ տարիներու ընթացքին իր ամբողջ սէրը, նուիրումը եւ մարդկային աջակցութիւնը ցուցաբերած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան:

Այնուհետեւ խօսք առին «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անի  Արթինեան եւ անդամ Մարսել Խաուանտ, որոնք Նոր տարուան առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեցին ներկաներուն:

Ապա սրբազան հայրը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան, նաեւ  նկատել տուաւ, որ հակառակ մեր ապրած դժուարին պայմաններուն` մեզի հետ ունինք բարեկամներ, որոնք մեզի աջակից են, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները տօնական այս օրերու առիթով զրկուած չըլլան այդ մթնոլորտէն: Այնուհետեւ սրբազան հայրը օրհնեց սեղանները, որմէ ետք ներկաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ ճաշեցին, դիմաւորեցին Կաղանդ պապան եւ ստացան նուէրներ:

Յայտնենք, որ գեղարուեստական բաժինով ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը:

 

 

Նախորդը

Կաղանդ Պապային Հաւատացողները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզի 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?