Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարկաչ» Երգչախումբին Սուրբ Ծննդեան Համերգները` Հայ Կաթողիկէ Ս. Աւետում Եւ Պէյրութի Ազգային Աւետարանական Եկեղեցիներուն Մէջ

December 15, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 10 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին հայ կաթողիկէ Ս. Աւետում եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին համերգը, որ կը կրէր «Յոյսի ծնունդը» խորագիրը:

Համերգին բացման խօսքը Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ հակառակ բազմատեսակ տագնապներուն` Սուրբ Ծնունդը իրեն հետ կը բերէ յոյս` խաղաղութեան, սէր եւ լոյս: Հարպոյեան ըսաւ, որ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր բազմամեայ գործունէութեամբ երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղն ալ պիտի հետեւի Համազգայինի առաքելութեան, որպէսզի լիբանանահայ երգարուեստը շարունակէ իր երթը եւ արձանագրէ նորանոր նուաճումներ:

Երգչախումբը շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին երգեց` Բարսեղ Կանաչեանի «Ամպեր», «Գիւղի առտուն» եւ «Երգանուագ» ստեղծագործութիւնները, Զաքի Նասիֆի «Նէիլի ահլա զահրա» գործը, Սայաթ Նովայի «Դուն էն հուրին իս» եւ «Պլպուլի հիտ» գործերը, երեւանեան երգաշար, ինչպէս նաեւ` եւրոպական եւ Ամանորին նուիրուած շարք մը տօնական երգեր:

Երգչախումբին խմբավարն է Շողիկ Թորոսեան: Երգչախումբին դաշնակով կ՛ընկերակցէին Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցչուհի Վերոնա Ռուսիալեան եւ աշակերտ Քեւըն Եուսոֆ:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք
Մարալ Հարպոյեան

Աւարտին իր հայրական պատգամը յղեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը, որ մեծապէս գնահատեց Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբին ելոյթը, որ ներկաներուն պարգեւեց ուրախութիւն եւ դրական տրամադրութիւններ: Կաթողիկոս-պատրիարքը նշեց, որ այսպիսի ելոյթներ եւ բազմաբնոյթ ծրագիրներ կ՛իմաստաւորեն Ս. Ծննդեան շրջանը եւ խորհուրդը:

Յայտնենք, որ «Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 16-րդ փառատօնի ելոյթներու շրջագիծին մէջ, շաբաթ 9 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պէյրութի Ա. աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց միեւնոյն ծրագիրը, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակ Եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-Ամեակ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Կրկին Մեր Տուներուն Մէջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.