«Մաքուր սի՛րտ մը հաստատէ մէջս, ո՛վ Աստուած,
Նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս»
ՍԱՂՄՈՍ 51:10
Տօնական օրերն ու տօնական մթնոլորտը առհասարակ առաւել եւս կը շեշտուին դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Երբ պահ մը մտածենք Նոր տարուան տրամաբանական իմաստին մասին, ապա մեզի յստակ կը դառնայ, որ անիկա 365 օղակներէ բաղկացած շղթայի մը վերջին օղակն է, որ կը փակէ հին շղթան եւ նոր շղթայի մը սկիզբը կը կազմէ: Շղթաները ամէն տարի կը գլորուին եւ սովորական տարեթիւի փոփոխութեան ընթացքի մը կը վերածուին: Ո՞վ է Նոր տարիին իմաստ ու արժէք տուողը: Բնականաբար մարդն է, որ իր բանական կարողութեամբ կրնայ նորոգել իր անձը ինքնաքննութեան ճամբով, նաեւ փոփոխութիւն, երբեմն ալ յեղափոխութիւն յառաջացնել նախ իր ներանձնական կեանքին մէջ, ապա` իր ընտանիքին եւ աւելի լայն պարունակով շրջապատին մէջ: Այստեղ բնաւ պէտք չէ մոռնալ մեր ստեղծիչին` Աստուծոյ ներգործութիւնը մեր կեանքին մէջ:
Վերջապէս, Նոր տարին մեզ կը մղէ անկեղծանալ մեր անձերուն եւ Աստուծոյ հետ: Սաղմոսերգու Դաւիթ թագաւորին խօսքերը այնքան հնչեղ են եւ կոչ կ՛ուղղեն մեզմէ իւրաքանչիւրին` մաքրելու եւ նորոգելու մեր հոգիները:
Տօնական այս օրերը նաեւ առիթ են ուրախացնելու մեր շրջապատը եւ կեանքի փոթորիկներուն դէմ քիչ մը ժպիտ եւ յոյս ներշնչելու:
Այս առթիւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը Նոր տարուան սեմին իր զանազան նախաձեռնութիւններով իր դոյզն պարտականութիւնը կը կատարէ` մեր ժողովուրդի համեստ դասակարգին եւ յատկապէս մանուկներուն, պատանիներուն եւ տարեցներուն զօրակցութիւն յայտնելով եւ անոնց դէմքին ժպիտ մը դրոշմելով:
Այս առումով «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը, գլխաւորութեամբ տնօրէնութեան եւ հոգաբարձու մարմինին եւ աջակցութեամբ հաստատութեան պաշտօնէութեան, չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կազմակերպեց Ամանորի եզակի հաւաք մը` «Ճինիշեան»-ի կիներու լսարանի եւ դասընթացքներու հետեւող թիւով 250 կիներուն յատուկ:
Սոյն նախաձեռնութեան ներկայ գտնուեցան` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, հայ աւետարանական համայնքէն վեր. Հրայր Չոլաքեան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան սիրոյ սեղանի մը շուրջ հաւաքը կը նպատակադրէ դիմաւորելու Նոր տարին: Ան յայտնեց, որ հակառակ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած անիրաւութիւններուն, պատերազմներուն եւ անմարդկային ոճիրներուն` դարձեալ առիթը ունեցանք քով քովի գալու եւ իրար զօրացնելու:
Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան մատնանշեց, որ հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ապրի իր պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկը: Արցախ հայրենիքի կորուստը, հազարաւոր հայորդիներու տեղահան եւ գաղթական վիճակը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հայ հերոսներու վիշտը եւ հարիւրաւոր հայ գերիներուն մտահոգութիւնը մեզ կը դնեն ազգային յուսալքութեան սեմին: Լիբանանահայերու համար այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալու պատերազմի արհաւիրքը, տնտեսական ծանր պայմանները, հայ ընտանիքներու մղած պայքարը` իրենց առօրեայ ապրուստը հոգալու: Ան ներկաներուն կոչ ուղղեց վստահելու Աստուծոյ` շեշտելով, որ մեր հաւատքի հիմքը հանդիսացող Աստուածաշունչ մատեանը մեզի կը վկայէ, որ յոյսը ամօթով չի ձգեր, եւ որ` այս դժուարութիւնները ժամանակաւոր են եւ պիտի անցնին:
Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յորդորեց խորհրդածելու հինգ կէտերու մասին` որպէս ինքնաքննութիւն եւ ինքնարժեւորում: Ա) Իբրեւ մարդ արարածներ` Աստուծոյ հետ մեր կապը ո՛ւր կը գտնուի: Բ) Իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ազգի ժառանգորդներ` ինչպէ՞ս կը պահպանենք մեր հաւատքի արժէքները: Գ) Իբրեւ հայ ազգի զաւակներ` ինչպէ՞ս կը կատարենք մեր պարտականութիւնը եւ որքանո՞վ հայ դպրոցը, եկեղեցին, մշակութային կեդրոնները մեր անմիջական օղակներուն մաս կը կազմեն: Դ) Իբրեւ ընտանիքի մայրեր` ինչպէ՞ս կը դաստիարակենք մեր զաւակները: Ե) Իբրեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուածներ` մեր ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան վիճակները որքանո՞վ առողջ կը պահենք:
Ան խաղաղութիւն մաղթեց համայն աշխարհին եւ խրախուսեց ներկաները Ս. Ծնունդը քրիստոսավայել կերպով եւ աղօթքով դիմաւորելու:
Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց` Ազգային առաջնորդարանին, առաջնորդ սրբազան հօր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, Կրեկուար Գալուստին, որոնք նեցուկ կը կանգնին հաստատութեան աշխատանքներուն:
Ապա հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան թելադրեց ներկաներուն` աղօթքով անսալու «Ճինիշեան»-ի տնօրէնին ակնարկած հինգ կէտերուն: «Աղօթքով Ս. Հոգին մեզ կը ներշնչէ»,- ըսաւ ան եւ շարունակեց,- որպէսզի կարենանք գտնել իսկական պատասխանները եւ մեր կեանքի ուղեգիծը: Նոր տարին առիթ է ինքնաքննութեան, որպէսզի 2024 տարին դիմաւորելով` աւելի լաւ ձեւով սկսինք մեր կեանքը»:
Այնուհետեւ ան ներկաներուն հետ արտասանեց Տէրունական աղօթքը եւ օրհնեց ճաշի սեղանները:
Հայ աւետարանական համայնքէն վեր. Հրայր Չոլաքեան իր խօսքին սկիզբը մէջբերեց սաղմոսերգուին խօսքերը` «Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց, եկէք` ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք»: «Այս օրը նոր օր է, որ Տէրը ստեղծեց, եւ անոր համար ուրախ կ՛ըլլանք: Տիրոջ ստեղծած օրուան մէջ նաեւ կան հաւատարիմ ծառաներ, որոնք այս տրուած պարգեւը եւ առիթը կը գործածեն, որպէսզի Աստուած փառաւորուի: Անոր համար մեզի քիչ տրուածը, մենք կ՛աւելցնենք, կը շատցնենք այն յոյսով, որ մեր հաւատարմութիւնը օր մը Աստուծոյ կողմէ պիտի գնահատուի», ըսաւ ան եւ գնահատեց «Ճինիշեան» հաստատութեան տարած աշխատանքը: Ան շնորհաւորեց ներկայ մայրերն ու տիկինները` Նոր տարուան առիթով:
Հուսկ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան արտասանեց օրհնութեան խօսքը: Ան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ներկաներուն եւ տօնական մթնոլորտին: Այս ներկայ պայմաններուն ան շռայլութիւն սեպեց իրարու քով գալն ու հաւաքուիլը: Ան Աստուծոյ փառք տուաւ, որ «Ճինիշեան» հաստատութիւնը առիթ տուաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ համախմբուելու, իրարմով զօրանալու եւ աւելի լաւ դիտելու մեր կեանքերը: «Տագնապի մէջ են մեր կեանքն ու առօրեան: Տագնապի մը բովէն կ՛անցնինք, որուն վերջաւորութիւնը յայտնի չէ: Բայց վստահաբար մեր կեցուածքով պիտի յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն եւ ի վերջոյ մեր առօրեան պիտի փորձենք հունաւորել այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզենք: Հարկ է տոկալ ու համբերել, հաւատքով պայքարիլ, որպէսզի մեր ունեցած արժէքները կարենանք պաշտպանել ու պահել: Երբ միասին ենք, կեանքը քիչ մը աւելի կը յստականայ, հարցերը կը պարզուին, դժուարութիւնները կը մոռցուին, որովհետեւ մեր կազմակերպութիւններու ու եկեղեցիներուն շուրջ ուժ կը ներկայացնենք»,- ըսաւ ան եւ շարունակեց: – «Ճինիշեան»-ը մեզ կը հրաւիրէ մեր համայնական կեանքը աշխուժ վիճակի մէջ պահելու, պաշտպանելու եւ տիրութիւն կատարելու մեր ժողովուրդին: Այդ տիրութիւնը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի վաղուան մեր կեանքը պատրաստուի»: Ան մաղթեց, որ ամենաբարին Աստուած առատութիւն հաստատէ մեր առօրեային մէջ, խաղաղութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին, Լիբանանին, որպէսզի կարենանք երջանիկ ու խաղաղ տարի մը դիմաւորել: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց նաեւ, որ «Ճինիշեան» հաստատութեան աշխատանքը առաւել արգասաբեր դառնայ:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան Լոռի Կիւլիմեան` երգով, Մարիա Եագուպեան` քանոնով, «Ճինիշեան» հաստատութեան պարմանուհիներու ծրագիրէն խումբ մը` հայկական պարերով, Գէորգ Գատէհճեան` ասմունքով, Կասիա Շատարեւեան ` երգով:
Աւարտին ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ «Ճինիշեան»-ի ծրագրին հետեւող տիկինները շուրջպար բռնեցին: Իւրաքանչիւր ներկայ նաեւ ստացաւ Կաղանդի իր նուէրը:
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը այս նախաձեռնութեամբ անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ կառչած կը մնայ իր հիմնադիրին` Վարդան Ճինիշեանի կտակին` յոյս ներշնչելու եւ ուրախութիւն պարգեւելու մեր տառապեալ ազգի սիւն հանդիսացող հայ մայրերուն: