Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Եւ Համանուն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Դեկտեմբեր 19, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 17 դեկտեմբերին հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին եկեղեցւոյ կից փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, որմէ ետք թափօրը, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 3-րդ դարուն ապրած, ծագումով ասորի, երբեմնի Մծբին քաղաքի առաջնորդ Սուրբ Յակոբ հայրապետի կեանքին` դիտել տալով, որ ան աշխարհիկ կեանքէն հեռանալով` առանձնացած էր Մծբին քաղաքի մօտակայ լեռներուն մէջ` ապրելու համար  ճգնաւորի խստակեաց կեանք, սակայն, հակառակ իր կամքին, ան ի վերջոյ տեղի տալով ժողովրդային պահանջին, կը ձեռնադրուի Մծբին քաղաքի եպիսկոպոս եւ ճգնողական կեանքէն հրաժարելով` ինքզինք կը նուիրէ իր հօտին կեանքը պաշտպանելու ու եկեղեցին պայծառացնելու սրբազան գործին:

Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Սուրբ Յակոբի անունին շուրջ մեր ժողովուրդին մէջ ստեղծուած սէրն ու համակրանքը կը հաստատեն, որ մեր ազգային ոգիին համապատասխանող գրաւչութիւն մը ունեցած է այս սուրբը: Այս իրողութիւնը առաւելաբար արդիւնքն է այն աւանդութեան, որ Ս. Յակոբ, յառաջացեալ իր տարիքին փորձած է Արարատ լերան ամեհի գագաթը բարձրանալ, որպէսզի Մծբինի ժողովուրդին ցոյց տայ, որ ջրհեղեղը իսկապէս տեղի ունեցած է, ու Նոյան տապանը հաստատուած է Արարատ լերան վրայ: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ թէեւ Ս. Յակոբ չէ կրցած հասնիլ Արարատ լերան գագաթը, սակայն Արարատի լանջերուն վրայ, Տիրոջ հրեշտակը անոր յանձնած է Նոյան տապանէն բեկոր մը, որպէսզի անով Ս. Յակոբ Աստուծոյ փառքը յայտնէ իր շրջապատին եւ իր ժողովուրդին հաւատքը ուղղէ ու ամրացնէ:

Շարունակելով իր խօսքը, սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները` անդրադառնալու, որ անհատապէս երեւելի ըլլալու ու մեր անձերուն համար համբաւ ստեղծելու փոխարէն` պէտք է երեւելի բան մը ընելու ձգտումով ապրինք, որպէսզի Աստուծմով հասնինք նաեւ տեւող մեծութեան արժանիքին, եւ նկատել տուաւ, թէ ազգովին որքա՜ն կրնանք կազդուրուիլ ու նորոգուիլ, եթէ մեր ներկայ անմխիթար վիճակին մէջ մեր նայուածքը ուղղենք դէպի մեր պապերուն սրբազան հաւատքը եւ այդպիսով մեր կեանքին ընթացքը սրբագրենք: Սրբազանը հարց տուաւ, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ ո՞վ պիտի ուզէ պարտականութիւններ ստանձնել եւ ո՞վ պիտի ուզէ բան մը զոհել ու մեր շրջապատը ուղղելու համար նուազագոյն ճիգը թափել:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը շեշտեց, որ մեր կրօնական եւ ազգային նուիրական հաւատալիքներն ու սկզբունքները, որոնք դարեր շարունակ մեր կեանքը վարած են, պէտք չէ կորսնցնեն իրենց տեղը մեր կեանքէն ներս, այլապէս` մեր կեանքը կը վերածուի տագնապներու թատերաբեմի ու կը սկսինք նահանջ ապրիլ անհատապէս, ընտանեկան պայմաններու մէջ եւ համայնական մեր կացութեան մէջ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

Նախորդը

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի «Բաց Դասարան»

Յաջորդը

Չգոյէն Հրաժարելու Մասին Անտեղի Եւ Անօգուտ Մեղադրանք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Հայ Աւետարանական Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Քոլեճ

Նոյեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Անկախութիւնը Պատկանելիութեան  Ոգիի Վերանորոգման Օրն Է»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Անկախութիւնը Պատկանելիութեան Ոգիի Վերանորոգման Օրն Է»

Նոյեմբեր 22, 2025
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Սրբազան Իրաւունք Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Սրբազան Իրաւունք Է»

Նոյեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?