Երեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկումի ենթարկելու Արցախի բռնագրաւումէն ետք ստեղծուած կացութիւնը, Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը եւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած խնդիրներն ու մտահոգութիւնները: