Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսութիւն` «Նոր Տարին Առիթ Վերանորոգուելու» Նիւթով

December 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Չիլինկիրեան» սրահին մէջ: Օրուան զեկուցաբերն էր Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, իսկ դասախօսութեան նիւթն էր` «Նոր Տարին առիթ վերանորոգուելու»:

Արդարեւ, հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սէր բառի նշանակութեան եւ բացատրեց, որ սէր չի նշանակեր միայն երկու զոյգերու խոստացած սէրը, այլ ընտանիք չքանդել սէր կը նշանակէ, ընկերութիւն շինել սէր կը նշանակէ, ընկերային ծառայութիւնը սէր կը նշանակէ: Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան նկատել տուաւ, որ եթէ անձ մը իր մէջ Աստուած չունի, նաեւ  հոգեւոր կեանք չունի, ի՛նչ ալ ունենայ, պակաս բան մը կը զգայ իր մէջ, որովհետեւ իսկական հանգստութիւնը եւ երջանկութիւնը նիւթականը, գործը չեն, այլ` Աստուծոյ ներկայութիւնն է, աւելցնելով, որ պէտք է սիրել, ներել, հաւատարիմ ըլլալ եւ Աստուած ունենալ մեր մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ մենք երբեմն կ՛ունենանք գէշ զգացումներ, նաեւ` նեղութիւններ, հաւատքի խախտում, աղօթքի մէջ պաղութիւն, չսիրելու եւ չներելու զգացումներ, որոնք չենք արտայայտեր եւ մեր մէջ կը նետենք, «մեր սենեակին» մէջ կը նետենք, եւ այդ սենեակը մեր սիրտն է, որ կոչեց մսուր եւ ըսաւ, որ Յիսուս պիտի ծնի մեր սրտերուն մէջ: Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան ըսաւ, որ այդ մսուրը մենք այսօր միասնաբար պիտի վերանորոգենք ու մաքրենք, եւ բացատրեց ներկաներուն, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին պէտք է փոխենք մեր ինքնութիւնը, ապրելակերպը, վերաբերմուքը, նաեւ մաքրենք մեր հոգին, աղօթենք աշխարհին եւ մարդկութեան համար, նաեւ աղօթենք, որ զօրանանք մեր հաւատքին մէջ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Կենսագրական Գիծերը*

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.