Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ժամասացութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Դեկտեմբեր 28, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի սարկաւագներուն, երկուշաբթի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն:

Սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը սրտագին ողջունեց թեմի սարկաւագները, կիսասարկաւագները, դպիր-դպրուհիները, նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարողութեան չափով կը ծառայեն մեր եկեղեցիներուն: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով մեզ համախմբողը ծառայութեան ապրումն է, որ կը լսեն եւ կը զգան միայն անոնք, որոնք ժողովուրդին պէտքերը տեսնելով` կ՛ընդառաջեն Աստուծոյ կոչին եւ իրենք զիրենք կ՛ընծայեն, որպէսզի իրենց մասնակցութեամբ Աստուծոյ սէրը եւ շնորհքը առատանայ մեր կեանքին մէջ:

Սրբազանը յայտնեց, որ այսպէս սկսած է Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի ծառայական կեանքի ընթացքը, աւելցնելով, որ ան սուրբ հոգիով լեցուած եւ շնորհքով առատացած անձնաւորութիւն մըն էր, որ` իրեն վստահուած պարտականութիւններու կողքին, նաեւ ջերմեռանդութեամբ աւետարանի քարոզչութեան գործը առաջ կը տանէր: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի խաչելութենէն երկու տարի ետք, եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագը կը դառնայ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոսն ու նահատակը, երբ հրեաներու ձեռամբ կը քարկոծուի: «Պատմութիւնը գիտնալը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւոր հանգամանք ունին մեր ներկան ու գալիքը: Ժողովուրդը եթէ իր լումայով կը պահէ մեր եկեղեցին, ուրիշներ իրենց հաւատքով, եռանդով, մասնակցութեամբ կը պայծառացնեն մեր եկեղեցւոյ կեանքը»,  հաստատեց սրբազան հայրը` դիտել տալով, որ մեր սարկաւագները իրենց նուիրումին ընդմէջէն պայծառ ու շէն կը պահեն մեր եկեղեցին:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ բնականօրէն տագնապալի փուլի մը մէջ կը գտնուինք եւ բոլորս ալ գիտենք, որ մեր ունեցած մարդուժը այսօր չի բաւարարեր մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող կարիքները: Ժամանակները փոխուած են, մեր պէտքերը աւելցած են` եւ մեր կարիքները` մեծցած: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ ձեւով այսուհետեւ պիտի կարենանք բաւարարել մեր եկեղեցւոյ, մեր համայնական կեանքին մէջ ստեղծուած կարիքները, աւելցնելով, որ հեռուէն դիտելով` ամէն բան չենք տեսներ: «Մեր ժողովուրդը պէտք է լաւ անդրադառնայ, թէ աշխատանքին եւ կեանքին բերած մեր մասնակցութեամբ է, որ հարցերը ճշգրտօրէն կրնանք արժեւորել ու ճանչնալ», շեշտեց Շահէ արք. Փանոսեան եւ կոչ ուղղեց մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ եւ մեր համայնական կեանքին բերած իր մասնակցութեամբ ձգտի նոր ոգեւորութիւն ստեղծել մեր իրականութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ անցնող դարերուն մեր եկեղեցին պահուած է մեր ժողովուրդին գիտակցութեամբ,  գուրգուրանքով, հաւատքով ու նուիրումով եւ աղօթեց, որ այդ գիտակցութիւնը մնայ կենդանի` մեր հասարակութեան մէջ, նաեւ Աստուած առատացնէ մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն շնորհքները եւ այդ շնորհքներով առաւել եւս պայծառացնէ մեր եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդին հաւատքը դարձնէ աւելի հաստատ ու գիտակից:

Նախորդը

Մասիս

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?