Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լէյլաւանի Տօնածառի Լուսաւորում Եւ Տօնախմբութիւն

Յունուար 3, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2023-ին, ժամը 4:45-ին սկիզբ առաւ Լէյլաւանի Կաղանդի խրախճանքը:

Լէյլաւանի վարչութեան անունով խօսք առաւ Անի Տուտաքլեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ յոյսով պիտի դիմաւորենք Նոր տարին, Լէյլաւանի տօնածառը պիտի լուսաւորենք, որպէսզի հեռանան մութն ու տագնապները, եւ մեր երեխաները ապրին խաղաղ պայմաններու մէջ:

Ապա խօսք առաւ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան: Ան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ ըսաւ, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ անորոշութիւններուն` տօնական օրերուն առիթով  համախմբուած են, որովհետեւ այս տօնը մեզի համար պէտք է ըլլայ ուրախ եւ սփռէ երջանկութիւն ու միասնութիւն, որպէսզի պատրաստ ըլլանք յաղթահարելու դժուար օրերը:

Ան յիշեց, որ այդ շրջանը ծնած ու դաստիարակած է բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք հասակ նետած են Ֆանար-Լէյլաւան շրջանին մէջ, ու թէեւ հեռացած եւ  հասած են հեռաւոր երկիրներ, բայց եւ այնպէս չեն մոռնար իրենց ծննդավայրը: Ան յատկապէս յիշեց Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, որուն փափաքով կարելի եղած է կազմակերպել այս Կաղանդի խրախճանքը, դիտել տալով, որ, տօնական օրերու սեմին Լոս Անճելըս նահանգի Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային վարժարանի աշակերտները, ընդառաջելով Թորգոմ սրբազանին առաջարկին, իրենց 2024-ի Կաղանդի նուէրները ուղարկեցին Ֆանար` Լէյլաւանի փոքրիկներուն:

Կաղանդի խրախճանքը սկիզբ առաւ «Հայ շեփոր» խումբով եւ Կաղանդ պապային ժամանումով: Տեղի ունեցաւ Լէյլաւանի տօնածառի լուսաւորումը` ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ շրջանի մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Ամանորի երգերով ելոյթ ունեցաւ Լէյլաւանի փոքրիկներու երգչախումբը, որմէ ետք մենապարով մը եւ դպրաց դասի կազմակերպած ելոյթով ճոխացաւ մթնոլորտը:

Յայտագիրը փակուեցաւ Կասիա Շատարեւեանի երգեցողութեամբ` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, որուն մաս կը կազմէին Շանթ Տիշչեքենեան եւ պուզուքահար Յարութ Կիւլիւզեան:

Նախորդը

Կաղանդի Տօնակատարութիւն Զահլէի Մէջ

Յաջորդը

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ուղերձ

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?