ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հայկական Ս. Ծնունդին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ արաբերէնով կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ այն քրիստոնեաներուն, որոնք արեւելեան ծէսին կը հետեւին, մանաւանդ հարազատներուս` հայ առաքելական եւ հայ աւետարանական համայնքներուն մէջ»:
Իսկ հայերէնով Յ. Բագրատունի գրեց. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ծնունդը աւետի՛ս հայկականութեան վերածնունդի»: